Պիստակի կարագ (peanut butter): Այն մէկը, որ հարուստ է փրոթինով, մանկանէզով եւ նէասինով, կրնայ նուազեցնել սրտի անհանգստութիւնները: Նաեւ հաւասարակշռուած ձեւով ուտելը կրնայ կշիռքը պակսեցնելուն նպաստել:
Անիւղ կաթը: Ամբողջութեամբ քալսիոմ եւ փրոթին կը պարունակէ եւ վստահաբար զուրկ է իւղէ:
Հապալաս (blueberries): Չափազանց հարուստ ըլլալով antioxidant-ներով, ան կը դանդաղեցնէ ուղեղի աշխատանքին անկումը եւ յիշողութեան կը նպաստէ:
Նուազ իւղոտ վանիլա մածունը: Առատ հանք մըն է քալսիոմի, նաեւ մարսողութեան կը նպաստէ:
Արքայամորին (raspberries): Ահագին մեծ աղբիւր մըն է antioxidant-ներու եւ անոր կողքին կը պարունակէ բնաթել, մանկանէզ եւ C կենսանիւթ: Այս պտուղը ձեր ուղեղը եւ սիրտը պիտի պահէ շատ լաւ վիճակի մէջ:
Առանց իւղի սառած մածունով տուրմ (chocolate): Քալսիոմ եւ ֆոսֆոր ու բնականաբար առանց որեւէ տեսակի մեղքի զգացումի:
Արքայախնձորով նարինջի հիւթ: Նարինջի հիւթը հարուստ է C կենսանիւթով, իսկ արքայախնձորը իր մէջ կը պարունակէ քաղցկեղ կանխարգիլող որոշ կարեւոր տարրեր (bromelain): Նաեւ բորբոքումները նուազեցնող յատկութիւններով օժտուած է:
Կեռասը: C կենսանիւթով եւ բնաթելով հարուստ այս պտուղը նաեւ կը մեղմացնէ արթրայթիսի սուր ցաւերը:
Պանան: Փոթասիումի հանք մըն է պանանը, ինչպէս նաեւ բնաթելի ու B6 կենսանիւթի: Պանանը հրաշքներ կրնայ գործել ձեր սրտի աշխատանքին համար եւ շատ լաւ շաքարեղէնով կ’օժտէ ձեր մարմինը, որպէսզի կուշտ եւ եռանդուն զգաք ամբողջ օրը:
Սառած մանկօ: Հարուստ է A եւ C կենսանիւթերով, նաեւ չափաւոր քանակով պէթա-քարոթին կը պարունակէ, որ հիմնականօրէն մորթի քաղցկեղը կանխարգիլող մըն է եւ ձեր մորթի առողջութեան կը նպաստէ:
Սառ: Քիչ մը ջուր… առողջութեան համար: