ՄԱԿ, ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23ին տուաւ որոշում մը, որուն հիմամբ Իրան կ՚ենթարկուի պատժամիջոցներու՝ իր հիւլէական ծրագիրը դադրեցնել մերժելուն պատճառով: Թեհրան Կիրակի օր բուռն հակազդեցութեամբ մը վերահաստատեց, որ պիտի չհրաժարի հիւլէական ուժանիւթ ունենալու իր իրաւունքէն:
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի Շաբաթ օրուան նիստին քուէարկութեան դրուած բանաձեւը որդեգրուեցաւ ՄԱԿի Ուխտի Է. գլուխին հիմամբ: Այս հիման վրայ տրուած որոշումները պարտադիր կը դառնան ՄԱԿի բոլոր անդամներուն, եւ Ապահովութեան խորհուրդը կրնայ բռնի միջոցներու դիմել՝ անոնց գործադրութեան համար:
Այսուհանդերձ, Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը պնդեց, որ բանաձեւը ուժի գործածութիւն չի նախատեսեր: Ասոր դիմաց, Միացեալ Նահանգներու ժամանակաւոր ներկայացուցիչը ըսաւ, որ ի պահանջել հարկին Ուաշինկթըն պիտի վերադառնայ Ապահովութեան խորհուրդին՝ պահանջելով աւելի խիստ միջոցառումներ:
Երկու ամիս տեւած բանակցութիւններէ ետք որդեգրուած բանաձեւը կը հրամայէ, որ բոլոր երկիրները դադրեցնեն Իրանի հիւլէական կամ երկար հասողութեամբ հրթիռներու արտադրութեան ծրագիրներուն նպաստող սարքերու, կազմածներու եւ արհեստագիտութեան հայթայթումը: Որոշումը նաեւ կը սառեցնէ 12 իրանեան ընկերութիւններու եւ բազմաթիւ իրանցիներու արտասահմանեան դրամատնային հաշիւներն ու ունեցուածքը:
Այս բանաձեւի որդեգրումէն ճիշդ երկու ամիս առաջ, Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած էին շատ աւելի խիստ նախագիծ մը, որ բախեցաւ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ընդդիմութեան:
Ուաշինկթըն եւ իր դաշնակիցները երկամսեայ բանակցութիւններու ընթացքին մեղմացուցին պատժամիջոցները. օրինակի համար, անոնք հրաժարեցան իրանցի պաշտօնատարներու ճամբորդութիւնները արգիլելու պատիժէն:
Որդեգրուած բանաձեւը կ՚ըսէ, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային հիմնարկը 60 օրէն պէտք է Ապահովութեան խորհուրդին զեկուցէ Իրանի առած դրական քայլերու մասին, այսինքն՝ պէտք է հաղորդէ, թէ Իրան դադրեցուցած է իւրանիոմի հարստացման աշխատանքները, եւ միայն այդ պարագային պիտի ջնջուին պատժամիջոցները, այլապէս՝ ՄԱԿը կրնայ պահպանել կամ խստացնել զանոնք:
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յայտարարեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը պիտի զղջայ պատժամիջոցներուն թեր քուէարկելուն համար, եւ ցաւ յայտնեց, որ Արեւմուտքը փախցուց Իրանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու առիթը: «Կը ցաւիմ ձեզի համար, դուք, որ կորսնցուցիք իրանեան ազգին հետ բարեկամական կապեր ունենալու առիթը: Դուք քաջ գիտէք, որ նուազագոյն վնասն իսկ չէք կրնար հասցնել իրանեան ազգին», ըսաւ է ան:
Ահմատինեժատ նաեւ ըսաւ, որ ՄԱԿ պէտք է ընդունի խաղաղ գործածութեան համար հիւլէական ուժանիւթ ունենալու Իրանի իրաւունքը. «Պարտաւոր էք ընդունելու, որ Իրան ունի հիւլէական ուժանիւթ արտադրելու արհեստագիտութիւնը: Իրան այդ արհեստագիտութեան արդիւնաւորումը պիտի տօնէ 1979ի իսլամական յեղափոխութեան տարեդարձին՝ յառաջիկայ Փետրուարին», աւելցուց ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուհամմատ Ալի Հիւսէյնի յայտարարեց, որ այս պայմաններուն մէջ Թեհրան վերատեսութեան պիտի ենթարկէ ՄԱԿի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային հիմնարկին հետ իր յարաբերութիւնները:
«Ստիպուած չենք, եւ կարելի չէ ակնկալել, որ այդ գործակալութեան հետ մեր գործակցութիւնը մնայ նախկին մակարդակին վրայ», ըսաւ ան:
Իրանի խորհրդարանը Կիրակի օր որդեգրեց բանաձեւ մը, որ գործադիր իշխանութենէն ոչ միայն կը պահանջէ կրճատել այդ գործակցութիւնը, այլ նաեւ յառաջ տանիլ հիւլէական ծրագիրը: «Կառավարութիւնը պէտք է լրջօրէն եւ բուռն թափով շարունակէ խաղաղ հիւլէական արհեստագիտութեան արդիւնաւորման հարցը: Ան պարտի ըլլալ զգոյշ եւ հեռատես: Ան երբեք պէտք չէ ընդունի կամ տեղի տայ այսպիսի անտրամաբանական ճնշումներու առջեւ», կ՚ըսէ բանաձեւը:
Հիւլէական ծրագիրի հարցերու իրանցի աւագ բանագնաց Ալի Լարիճանի յայտարարեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը «մեր ազգը դարձուց աւելի վճռակամ՝ իր հիւլէական նպատակներուն հասնելու ճիգին մէջ»:
«Պիտի վերսկսինք Նանանցի մեր հիւլէական կայանի աշխատանքներուն, եւ առաւելագոյն արագութեամբ յառաջ պիտի տանինք զանոնք: Ասիկա պիտի ըլլայ այդ բանաձեւին տրուող մեր առաջին եւ անմիջական պատասխանը», ըսաւ ան: