ՊԱՂՏԱՏ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին հաղորդեց, թէ ամերիկացի հինգ զինուորներ եւս սպաննուած են Իրաքի Անպար նահանգին մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներու ընթացքին, այս ամսուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 96ի հասցնելով:
Նաեւ, Պաքուպայի մէջ ոստիկաններու վրայ յարձակումի մը հետեւանքով սպաննուեցան վեց իրաքցի ոստիկաններ, իսկ նոյն քաղաքին մէջ այլ ոստիկանատան մը վրայ յարձակած խումբ մը զինեալներ մօտաւորապէս 50 իրաքցի ոստիկաններ առեւանգեցին:
Նոյն օրը, «Ռոյթըրզ»ի եւ «Զողպի» հիմնարկին գործակցութեամբ կատարուած հարցախոյզի մը արդիւնքները հրապարակուեցան, ըստ որուն, ամերիկացիներուն 50 տոկոսը կը պահանջէ, որ ամերիկացի զինուորները 2007ի աւարտէն առաջ պէտք է հեռացած ըլլան Իրաքէն, մինչ 15 տոկոսը կը պնդէ, թէ ամերիկացիները պէտք է անմիջապէս հեռանան:
Հինգշաբթի օր նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ ամերիկացի զինուորներու կողմէ Պաղտատի Սատր շրջանին վրայ Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած յարձակումին զոհ գացած են 10 իրաքցիներ:
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՍԱՀՄԱՆ ՉԷ, Կ՚ԸՍԷ ՊՈՒՇ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ, որ նեղ կացութեան մատնուած է Իրաքի մէջ իր վարած քաղաքականութեան համար, յայտարարեց, թէ ամերիկացիներուն համբերութիւնը սահման ունի, ընդունելով, որ գոհ չէ Իրաքի ներկայ կացութենէն:
Նոյեմբեր 7ի ընտրութիւններու նախապատրաստութեան ծիրին մէջ, Պուշ ըսաւ, թէ Ուաշինկթըն կառչած կը մնայ Իրաքի մէջ իր վարած քաղաքականութեան, սակայն մարտավարական որոշ փոփոխութիւններ հաւանաբար կատարուին՝ «յարափոփոխ թշնամիին» դէմ դնելու նպատակով:
Պուշ ընդգծեց, թէ ամերիկացի զինուորները համայնքային բախումներու զոհ պիտի չդարձնէ՝ միաժամանակ ըսելով, թէ անմիջապէս տուն կը կանչէր ամերիկացի զինուորները, եթէ Իրաքի մէջ «մեր առաքելութիւնը Ամերիկայի ապահովութեան համար կենսական չըլլար»:
Միացեալ Նահանգներ ճնշում կը բանեցնեն Իրաքի ղեկավարներուն վրայ, որպէսզի անոնք լուրջ քայլերու դիմեն:
Նախագահը միաժամանակ վստահութիւն յայտնեց Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի նկատմամբ: «Մենք իր կողքին ենք, մինչեւ այն ատեն, որ կը շարունակէ դժուար որոշումներ տալ», ըսաւ ան:
Մալիքի Չորեքշաբթի օր քննադատած էր ինքնագլուխ պայմանաժամեր ճշդելու եւ զինուորական քայլերու դիմելու ամերիկեան որոշումները: