ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնին մէջ (ՆՓԱԿ) Նոյեմբեր 22ին բացումը կատարուեցաւ «Դէմ դիմաց Հայաստան» խորագրով լուսանկարչական ցուցահանդէսը: Բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով, նախագիծի ղեկավար եւ համահիմնադիր, ինչպէս նաեւ ՆՓԱԿի գործադիր տնօրէն Էտուարտ Բալասանեան յայտարարեց, որ այս ցուցահանդէսը հայ նկարիչներու անրադարձն է «Դէմ դիմաց՝ դիմանակարներ-ինքնադիմանկարներ» ցուցահանէսին, որ կազմակերպուած էր ՆՓԱԿի մէջ 2006ի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի տարուան կապակցութեամբ:
Ան աւելցուց, որ ձեռնարկը պատրաստած էր Ֆրանսայի Arts Evenements կազմակերպութիւնը, համադրութեամբ Իզապէլ տը Մոնֆիւմայի:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 30: