ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին խորհրդակցութեան ընդարձակ հանդիպումի մը հրաւիրեց լիբանանեան քաղաքական հոսանքներուն ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները, որպէսզի առաջքը առնուի Լիբանանի դէմ նիւթուող դաւերուն եւ լարուող թակարդներուն։ Պըրրի, յառաջիկայ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին գումարուելիք հանդիպումին հրաւիրեց լիբանանցի ղեկավարները, ներողութիւն խնդրելով, որ այս խորհրդակցութեան համար հարկ եղած հաղորդակցութիւնները չէ կատարած քաղաքական տարբեր հոսանքներու ղեկավարներուն հետ, սակայն աւելցուց, որ անոնք իրենց մտահոգութիւնները եւ տագնապները պէտք է փոխադրեն խորհրդակցութեան սեղան, որպէսզի Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովուին։
Պըրրի նշեց, որ խորհրդակցութեան առարկայ պիտի դառնան ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը, խորհրդարանական ընտրութիւններու օրէնքի նոր նախագիծը՝ առանց անտեսելու նախկին նախարար Ֆուատ Պութրոսի նախագահած յանձնախումբին կողմէ մշակուած նախագիծը. ան աւելցուց, որ հարկ է ճշդել, թէ ընտրաշրջանները ի՞նչ ձեւով պէտք է բաժնել եւ թէ օրէնքը պիտի ըլլայ մեծամասնակա՞ն թէ համեմատական դրութեամբ։
Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդակցութեանց նիստերը կրնան 15 օրուան վրայ երկարիլ. ան աւելցուց, որ անոնց օրակարգը եւ բնոյթը տարբեր են ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովէն։
Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով Պըրրի ըսաւ, որ ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին ընթացքին տրուած բոլոր որոշումներուն գործադրութիւնը անպայման պէտք է ամբողջացուի, ներառեալ՝ Լիբանան-Սուրիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը։
Ակնարկելով «Հըզպալլա»ի ապազինման հարցին, Պըրրի նշեց, որ նման քննարկումներ պէտք է կատարուին ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին ծիրին մէջ եւ ոչ իր առաջադրած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին։
Պըրրի դիտել տուաւ, որ Ռամատան ամսուան ընթացքին հանդիպում մը ունեցած է «Մուսթաքպալ» հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի հետ եւ նշած, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը բոլորին համախոհութեամբ կը գոյանայ, հետեւաբար կարելի չէ մերժել այդ կառավարութիւնը կազմելու սկզբունքը։
Պըրրի ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութիւնը նպատակ ունէր նաեւ բարելաւել արաբական յարաբերութիւնները, յատկապէս՝ Սուրիա-Սէուտական Արաբիա երկկողմանի յարաբերութիւնները։
Չորեքշաբթի երեկոյեան Պըրրի ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթը: Հանդիպումէն ետք Ճոմպլաթ դրուատեց Պըրրիի նախաձեռնութիւնը եւ բաւարարուեցաւ յայտնելով, որ այս մասին խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ ընդդիմադիր «14 Մարտ» քաղաքական ուժերուն հետ, ապա վերջնական որոշում պիտի տայ՝ Պըրրիի նախաձեռնութեան ընդառաջելու, կամ զայն մերժելու առնչութեամբ։