ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին, Ռուսիոյ իշխանութիւնները խորհրդակցութեանց համար տուն կանչեցին Վրաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպանը ու որոշեցին դեսպանատան անձնակազմին մէկ մասը եւս հեռացնել Վրաստանէն, Թիֆլիսի հետ ծագած նորագոյն տագնապին լոյսին տակ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեցին, թէ այս որոշումը տրուած է, որովհետեւ Վրաստան գտնուող ռուս պաշտօնատարներուն ապահովութիւնը վտանգուած է:
Յայտնենք, թէ մէկ օր առաջ Վրաստանի իշխանութիւնները ձերբակալած էին Վրաստանի մէջ գտնուող ռուսական խարիսխէն հինգ ռուս սպաներ, զանոնք լրտեսութեամբ ամբաստանելով: Ձերբակալուած է նաեւ ռուս վարորդ մը:
Վրաստանի իշխանութիւնները Մոսկուայէն կը պահանջեն վեցերորդ սպայի մը յանձնումը, պնդելով, թէ ան ապաստանած է Թիֆլիս գտնուող ռուսական ռազմական կեդրոնատեղիին մէջ:
Հայաստանի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ Վրաստան-Ռուսիա նորագոյն տագնապը վնաս պիտի չհասցնէ այդ երկիրներու հետ Երեւանի յարաբերութեանց: