ՊԱՔՈՒ, ԻՉԵՒԱՆ, ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- «Ատրպէյճանը երբեք չի համաձայնի ինքնիշխանութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղին եւ այդ շրջանի համար կը պայքարի, այդ թւում ռազմական ուժով», այսպիսի յայտարարութիւն կատարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Շաբաթ, Օգոստոս 23ին, «Էխօ Մոսկուա» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Իլհամ Ալիեւ աւելցուց ըսելով, որ «դա մեր հողն է, մեր տարածքն է»:
Յաջորդ օրը, Դեկտեմբեր 24ի ժամը 14:10ի մօտերը, Իջեւանի զօրամասի յենակէտերէն մէկուն առանց զէնքի եւ զինամթերքի մօտենալով, ինքզինք իբրեւ գերի յանձնեց Ատրպէյճանի բանակի զինուոր, 1987ին ծնած Սամիտ Նազիմօղլի Մամէտով: Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան մամլոյ ծառայութեան տեղեկատուութեան, Մամէտով իր արարքը բացատրած է սպաներու կողմէ պարբերաբար ծաղրանքի եւ ծեծի ենթարկուելու փաստով:
Նշենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները Դեկտեմբեր 23ին Միջազգային կարմիր խաչի (ՄԿԽ) ներկայացուցիչներու միջնորդութեամբ, Ատրպէյճանին յանձնած են Դեկտեմբեր 7ին ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի զինուորներուն կողմէ
գերեվարուած Ատրպէյճանի բանակի զինուոր Վուսալ Մահմէտ օղլի Կարաչաեւը: