ԹԵՀՐԱՆ․- Թուրքիա հաւանաբար Իրանի հետ պատերազմի մը պարագային, իր օդային տարածքը տրամադրէ Իսրայէլին, կը հաղորդէ իրանեան «Քաֆքազ» կայքը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի մէկ խորհրդականին:
«Իսրայէլ եւ Իրան ապագային պատերազմի մէջ պիտի ըլլան, իսկ Իսրայէլ պիտի օգտագործէ Թուրքիոյ օդային տարածքը: Մենք Իսրայէլի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք», տեղական պատկերասփիւռի հաղորդումներէն մէկուն ընթացքին ըսաւ Էրտողանի խորհրդականը:
Թուրքիա եւ Իսրայէլ սկսած են յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, յատկապէս Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկի Թուրքիա այցելութենէն ետք: