ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Երէկ, Յունուար 25ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ազգային հերոս Դրաստամատ Կանայեանի (Դրօ) անուան ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հաստատութեան շէնքի բացումը: Պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան, ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դիւանագէտներ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ:
Ս. Սարգսեան նշեց, թէ նման հաստատութիւն հիմնելու գաղափարը ծագած է տարիներ առաջ, երբ Հայաստան տեղափոխուեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դրաստամատ Կանայեանի աճիւնը: Պաշտպանութեան նախարարը յոյս յայտնեց, որ նման յարմարաւէտ շէնքի կառուցումը կը նպաստէ, որպէսզի հաստատութեան անձնակազմը, զօրավար Հայկ Քոթանջեանի ղեկավարութեամբ, աշխուժօրէն մասնակցի բանակաշինութեան գործին եւ նշեց, որ հաստատութեան մասնագէտները մասնակցած են ազգային ապահովութեան հայեցակարգի մշակումին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց շէնքի կառուցման աջակցած բոլոր նուիրատուներուն, նշելով, որ անոնց ազգանունները զետեղուած են յատուկ ցուցատախտակի վրայ: