ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Աւելի քան 25 հազար թուրքեր Կիրակի, Նոյեմբեր 26ին փողոց իջան բողոքելու համար Պենետիքթ ԺԶ. պապի Թուրքիա այցելութեան դէմ, որ պիտի սկսի Երեքշաբթի օր։
Իսլամական արմատական կուսակցութեան մը կազմակերպած ցոյցին ընթացքին ցուցարարները բարձրացուցած էին պաստառներ եւ ծաղրանկարներ։ Անոնք նաեւ արձագանգեցին բարձրախօսներով արտասանուած լօզունգներու եւ կարգախօսներու, որոնցմէ մէկն էր. «Տգէտ ու սմսեղուկ Պապը Թուրքիա թող չգայ»։
Ցուցարարները կը դատապարտէին ճառի մը մէջ իսլամութեան վայրագութեան ակնարկող պապի արտայայտութիւնները եւ կը պահանջէին, որ ան հրաժարի այս այցելութենէն եւ ներողութիւն խնդրէ իսլամներէն:
Պապ ընտրուելէ առաջ իսկ, կաթողիկէ քահանայապետը յայտնի էր Թուրքիան Եւրոպական միութեան անդամ դարձնելու գործընթացին իր հրապարակային ընդդիմութեամբ։
Հակառակ այս բոլորին՝ Պենետիքթ ԺԶ. պապը Կիրակի օրուան իր յայտարարութիւններուն մէջ արտայայտեց «թուրքերուն եւ անոնց ղեկավարներուն նկատմամբ բարձր գնահատանքի եւ անկեղծ բարեկամութեան զգացումները»։ Ան ըսաւ, որ արգելք չի տեսներ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան։
Սակայն այս բոլորը մեծ տարբերութիւն չըրին Պոլսոյ փողոցները ողողած ցուցարարներուն համար, եւ անոնց քայլարշաւը հակակշիռի տակ պահելու համար իշխանութիւնները գործի լծած էին աւելի քան չորս հազար ոստիկան, զրահամեքենաներ եւ ուղղաթիռներ։
Պապը նաեւ վերջին վայրկեանին որոշեց այցելել Այա Սոֆիայի մօտերը գտնուող մզկիթ մը, մինչ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան որոշած է Էսթոնիա իր այցելութիւնը քանի մը ժամով ուշացնել, որպէսզի ներկայ ըլլայ պապը դիմաւորելու արարողութեան:
Կիրակի օրուան ցոյցին կը հետեւէին պապին այցելութեան առիթով Պոլիս ժամանած բազմաթիւ օտար լրագրողներ: Ցոյցը, որ տեւեց մօտաւորապէս երեք ժամ, աւարտին հասաւ նախկին վարչապետ Նէճմէտտին Էրպաքանի ելոյթով, ուր ան դիտել տուաւ, որ պապը Թուրքիա կու գայ ոչ թէ թուրք ժողովուրդին նկատմամբ մարդասիրական զգացումներով, այլ Յունաց եկեղեցիին հետ միանալով Բիւզանդիոնը վերակենդանացնելու ու այլ յետին նպատակներով…
Էրպաքան քննադատեց նաեւ կառավարութիւնը եւ ըսաւ. «Ձեր ընելիքը ըրիք ու պիտի հեռանաք այլեւս։ Բայց գոնէ վերջին վայրկեանին արգելք հանդիսացէք պապին Թուրքիա գալուն»։
Երկուշաբթի օր եւս Անգարայի մէջ ցոյց մը տեղի ունեցաւ պապի այցելութեան դէմ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ Ֆինլանտա մեկնելէ առաջ ըսաւ, թէ պապին այցելութիւնը կրնայ առիթ դառնալ, որ կարգ մը նախապաշարումներ ու սխալ տպաւորութիւններ սրբագրուին։ Կիւլ իտալական թերթի մը հետ կատարուած հարցազրոյցի ընթացքին նաեւ ըսաւ, որ ինք դժբախտութիւն կը նկատէ պապին Գերմանիոյ այն ելոյթը, որ հակաիսլամ բնոյթ ունէր։ Անկէ ետք թէեւ պապը քանի մը անգամ յայտարարեց, թէ իր նպատակը իսլամները վիրաւորել չէր, բայց յստակ ներողութիւն չխնդրեց, աւելցուց Կիւլ:
Իր կարգին, Վատիկանի խօսնակ Ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտարարեց, թէ Վատիկանը երբեք դէմ չէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան եւ Թուրքիոյ անդամակցութեան դէմ Վատիկանի կողմէ ցարդ որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարուած։ «Եթէ Թուրքիա իրմէ ակնկալուածները իրականացնէ, ինչո՞ւ չանդամակցի Եւրոմիութեան», ըսաւ Լոմպարտի։ Լոմպարտի աւելցուց, որ պապը Թուրքիա կու գայ ամրապնդելու համար տարբեր կրօններու միջեւ կապերը: