ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան Սեպտեմբեր 28ին ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Քանատայի Թորոնթօ քաղաքի բաժանմունքի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեանը:
Հիւրը ԼՂՀ նախագահին տեղեկացուց նախօրէին քանատահայ խումբ մը բարերարներու մասնակցութեամբ ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս գիւղին մէջ Թորոնթոյի հայկական համայնքի միջոցներով կառուցուած դպրոցի նոր շէնքի նախնական բացումին, ինչպէս նաեւ համայնքի հետագայ ծրագիրներու մասին:
Զրուցակիցները արծարծեցին նաեւ Արցախի եւ քանատահայ հանայնքի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր: