ՀԵԼՍԻՆՔԻ, «Պլումպըրկ».- Եւրոպական միութեան նախագահութիւնը ստանձնած Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքի Թուոմոյա Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27ին յայտարարեց, թէ Կիպրոսի առջեւ իր օդակայաններն ու նաւահանգիստները խոստումը յարգելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլի հետ նոյն օրը տեղի ունեցած բանակցութիւնները ապարդիւն դուրս եկած են, որու հետեւանքով ան աւելցուց, թէ մինչեւ տարեվերջ այս գծով համաձայնութիւն մը գոյացնելու ոչ մէկ յոյս ունի:
Յառաջիկայ Յունուար 1ին Եւրոմիութեան նախագահութիւնը ստանձնող Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել եւս լաւատես արտայայտութիւններ չունեցաւ Եւրոմիութեան անդամակցելու նպատակով Թուրքիոյ հետ բանակցութեանց նկատմամբ եւ յայտնեց, թէ բանակցութիւնները անիմաստ պիտի ըլլան, եթէ Թուրքիա չգործադրէ իր տուած խոստումները:
Քաղաքական դէտեր յայտնեցին, թէ այս զոյգ յայտարարութիւնները աւելի հաւանական կը դարձնեն Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բանակցութիւններու ամբողջական կամ առնուազն մասնակի կասեցումը:
Եւրոպական միութիւնը մինչեւ Դեկտեմբեր 6 դրական պատասխան մը կ’ակնկալէ Անգարայէն, սակայն Թուրքիա կը պնդէ, թէ պատրաստ չէ գործադրելու Կիպրոսի հանդէպ պատժամիջոցները վերցնելու նպատակով 13 ամիս առաջ իր տուած խոստումը:
Անգարա այդ խոստումը տուած էր ճամբայ հարթելու համար անդամակցութեան բանակցութեանց առջեւ: