ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Պաշտպանութեան փոխնախարար, զօրավար Արթուր Աղաբէկեան Յունուար 25ին լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ հաստատեց պաշտօնաթող ըլլալու եւ Հ.Յ.Դ.ին իր անդամակցութիւնը վերականգնելու մտադրութիւնը: Ան նշեց, որ Հ.Յ.Դ շարքերուն անդամակցութիւնը սառեցուած էր իր դիմումի համաձայն 1996ին, երբ ստանձնած է բանակի 5րդ զօրախումբի հրամանատարի պաշտօնը:
Ան նշեց նաեւ, որ Հ.Յ.Դ.ի համամասնական ցուցակով պիտի մասնակցի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ աւելցուց, որ 7 տարի պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը զբաղեցնելէ յետոյ եկած է այն համոզման, որ հայրենիքին ծառայելու մէկ այլ միջոց ալ կայ, եւ կը փորձէ իր գործունէութիւնը շարունակել քաղաքական դաշտին մէջ:
Ա. Աղաբէկեան նշեց նաեւ, որ իր պաշտօնաթողութեան հարցը քննած է պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանին հետ եւ նախարարի կողմէ որեւէ առարկութիւն չէ եղած եւ հաստատեց, որ կուսակցական տարբեր պատկանելիութեան հետ կապուած իր եւ նախարարի միջեւ տարաձանութիւններ չեն եղած: