Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ, Հինգշաբթի, 23 Նոյեմբերի կէսօրին տեղի ունեցաւ բացումը Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յիշատակաքարին։
Հռոմի քաղաքապետութիւնը իր այս նախաձեռնութեամբ կ՚ընդառաջէր մայրաքաղաքի հայ գաղութի պահանջներուն։ Հռոմահայերը, Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ Աթաթուրքի յիշատակին նուիրուած յուշարձանէն զայրացած, պահանջած էին յարգել հայ նահատակներու յիշատակը։
Իտալիոյ մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ դոկտ. Ալեքքօ Պեզիկեանի հետ համադրաբար տարուած քաղաքական եւ յարաբերական աշխատանքը արդիւնաւորուած էր ընթացիկ տարուան Յուլիսին, երբ Հռոմի քաղաքապետարանը որոշեց զետեղել յիշատակաքարը հայ համայնքի պահանջած աչքառու վայրին, եւ ո՛չ՝ երրորդական վայրի մը մէջ։
Հինգշաբթի կէսօրին Ս. Նիկողոս եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանդիսութիւնը սկսաւ Իտալիոյ եւ Հայաստանի ազգային քայլերգներով։
Ապա Ալեքքօ Պեզիկեան ներկաներուն փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.
«Այսօր, 23 Հոկտեմբեր, յիշատակելի օր մըն է Եւրոպայի բոլոր հայերուն համար, որոնք հպարտ են իրենց ծագումով եւ հպարտ՝ Եւրոպան բաղկացնող պետութիւններուն լիիրաւ քաղաքացիներն ըլլալով։
«Այսօրուան նախաձեռնութեան համար կը փափաքինք նախ եւ առաջ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել Հռոմի քաղաքապետութեան եւ անոր երեւելի քաղաքապետ Վալթէր Վելթռոնիին։ Հռոմ՝ դարերէ ի վեր քաղաքակրթութեան օրրան, Հռոմ, ուր ստորագրուած է Եւրոպական միութեան փաստաթուղթը, Հռոմ՝ միշտ առաջին շարքին վրայ պաշտպանելու համար մարդկային իրաւունքները խաղաղութեամբ, խաղաղութեան համար եւ խաղաղութենէն մեկնած։
«Հռոմցիները անգամ մը եւս ցոյց տուին իրենց զգայնութիւնը եւ իրենց զօրակցութիւնը հալածուած փոքրամասնութիւններուն հանդէպ՝ ճանչնալով 1915ի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը։ Մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդուեցան թրքական կառավարութեան հրահանգով՝ իրենց մշակոյթը, կրօնը, աւանդութիւններն ու ցեղը պաշտպանելուն համար յանցաւոր համարուելով։
«Հայկական Սփիւռքը այսօր կազմուած է այն ժամանակ ջարդուածներուն չորս միլիոնի հասնող յաջորդներէն։ Դեռ արդարութեան կը սպասէ երկիրէ մը, որ կը ձգտի մաս կազմել եւրոպական մեծ ընտանիքին, ուր ի զօրու են ժողովրդավարութիւնը, արտայայտութեան ազատութիւնը, փոխադարձ յարգանքը։ Ասոնք են այն արժէքները, որոնք կը մեծցնեն Եւրոպան։
«Մենք արդէն յանձնարարած ենք, կը յանձնարարենք եւ նորէն պիտի յանձնարարենք թրքական կառավարութեան, որ չժխտէ եւ պարտաւոր ու քաղաքակիրթ արարքով մը, խոնարհութեամբ եւ քաջութեամբ ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։
«Ողբերգութեան հանդէպ պատասխանատուութեան ստանձնումով է միայն, որ թուրք ժողովուրդը կրնայ յստակ դարձնել իր պատկերն ու պատմութիւնը եւ ազատութիւններու վստահութիւն ներշնչել եւրոպական երկիրներուն։
«Ինչպէ՞ս պիտի ըլլար այսօր Եւրոպան, եթէ Գերմանիա լիիրաւ կերպով ստանձնած չըլլար իր պատասխանատուութիւնը Ողջակիզումին հանդէպ եւ աշխարհէն ներողութիւն խնդրած չըլլար՝ մարդկութեան դէմ գործած ոճիրներուն համար։ Նոյնիսկ քահանայապետը ներողութիւն խնդրեց այն ծայրայեղութիւններուն համար, որոնք յանուն Եկեղեցւոյ կատարուեցան Լատին Ամերիկայի գրաւման ընթացքին։
«Հակառակ պարագային՝ մենք, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, պիտի համարենք, թէ Թուրքիոյ արդի ղեկավարները յանցաւոր են, ինչպէս անոնք, որոնք մէկուկէս միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը գործած են։ Բովանդակ Եւրոպայէն կը խնդրենք, որ թոյլ չտայ, որ Թուրքիան իր անցեալը ջնջէ. կը խնդրենք յանուն ժողովուրդներու խաղաղ եւ քաղաքակիրթ գոյակցութեան։
«Կը խոնարհինք 1915ի մեր նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ մինչեւ վերջ խաղաղ եւ քաղաքակիրթ պայքար կը խոստանանք, երկխօսութեամբ եւ համբերութեամբ, վստահ ըլլալով, որ կը պայքարինք քաղաքակրթական այն արժէքներուն համար, որոնք Եւրոպայի արժէքներն են։
«Կեցցէ՛ Եւրոպան՝ ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ արդարութեան օրրանը. կեցցէ՛ Իտալիան, որ մեզ սրտանց ընդունեց. միշտ կեցցէ՛ յիշատակը մեր նախնիներուն, մեր նահատակներուն, որոնց համար միշտ արդարութիւն պիտի պահանջենք»։
Հռոմի քաղաքապետի ներկայացուցիչ, Հռոմի մշակութային հարցերու յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Սավերիօ Մանտարա խօսք առնելով՝ բարձր գնահատեց հայ համայնքի ներդրումը։ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչին արտասանած խօսքէն մէջբերումներ կատարելով՝ ան համոզում յայտնեց, որ արդարութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը նուիրական նպատակներ են, որոնց հասնելու համար ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայել։
Հռոմի հայ գաղութի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աթթարեան յիշեց Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ 2000ին որդեգրուած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւն ու նոյն տարին Հռոմի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ որդեգրուած յայտարարագիրը։
«Մեծ Եղեռնի յիշատակը ո՛չ գոյն ունի, ո՛չ սահման. անիկա ո՛չ քաղաքական հարց է, ո՛չ ալ հողատարածքի վերաբերեալ վէճ. լեզուներն ու կրօնները խտրութեան պատճառ պէտք չէ դառնան, եւ արդարութիւն պահանջելը քիչերու մենաշնորհ պէտք չէ ըլլայ։ Այս բոլորը մաս կը կազմեն իւրաքանչիւր մարդ արարածի իրաւունքներուն. ասկէ մեկնած՝ այդ իրաւունքները պէտք է պահպանուին եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուին», ըսաւ ան իր խօսքին մէջ։
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ռուբէն Շուգարեան խօսք առաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հռոմի քաղաքապետութեան այս նախաձեռնութեան համար։
Դեսպանը ըսաւ, որ իր անկախութեան 15րդ տարեդարձը վերջերս նշած Հայաստանին օրինակ կը ծառայէ իտալական ժողովրդավարութիւնը։ «Հայաստան նաեւ յոյս ունի, որ ինք ալ մօտ ապագային մաս կազմէ եւրոպական ընտանիքին», ըսաւ ան։
Դեսպան Շուգարեան Հռոմի քաղաքապետական խորհուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ անոր քաղաքական, կրօնական եւ աշխարհական անդամներուն ներկայութեամբ հայ նահատակներու յիշատակը յարգելուն համար։
Ապա դեսպան Շուգարեանն ու քաղաքապետի ներկայացուցիչ Կալաթէօն միասնաբար վար առին յիշատակաքարը ծածկող դրօշները։
Իտալացի կարտինալներու ժողովի նախագահ կարտինալ Ռուինիի ներկայացուցիչ Էրնեսթօ Մանտարա արքեպիսկոպոս ծաղկեպսակ մը զետեղեց յիշատակաքարին առջեւ, ապա Լեւոնեան միաբանութեան տեսուչ Միքայէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանի հետ կատարեց յիշատակաքարի օրհնութեան արարողութիւնը։
Խօսք առաւ հայր Մուրատեան, որ նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց մայրաքաղաքի իշխանութիւններուն, որոնք Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելով՝ նաեւ յարգեցին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքը։
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք ներկաները մէկական կարմիր վարդ զետեղեցին յիշատակաքարին առջեւ։ Ապա Լեւոնեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը։
Նշենք, որ հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Անարատ յղութեան քոյրերու մեծաւոր մայր Եւդոկսիա Քէշիշեան եւ միաբանութեան քոյրեր, քաղաքապետարանի պաշտօնական անձնաւորութիւններ, շրջանի ոստիկան եւ զինուորական պատասխանատուներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ երկու հարիւրի հասնող բազմութիւն մը։
Յիշատակաքարը զետեղուեցաւ Հռոմի Ս. Նիկողոս եկեղեցւոյ հրապարակին՝ «Վիա Ս. Նիքոլա տա Թոլենթինօ»ի վրայ, որ մայրաքաղաքի գլխաւոր ճանապարհներէն ճիւղաւորուող կարեւոր ճամբայ մըն է: