ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Որոշ փոփոխութիւններով, Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ ՀՀ օրհներգին առնչուող օրինագիծին, որ սահմանուած կարգով պիտի ներկայացուի Ազգային ժողով: Կառավարութիւնը անընդունելի համարեց օրհներգի բառերու եւ երաժշտութեան մրցութային յանձնաժողովի որոշման հիման վրայ ընտրուած երաժշտութիւնը առանց բառերու ընդունիլը:
Որոշուեցաւ օրհներգի օրինագիծը ընդունիլ անցումային դրոյթով եւ գործող օրհներգը «Մեր հայրենիք»ը, ի զօրու պահել մէկ տարի ժամկէտով՝ մինչեւ նոր օրհներգի երաժշտութիւնը եւ բառերը նոր օրէնքով սահմանելը: