ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ արդարադատութեան նախարարութեան, որ հետաքննէ Փենսիլվանիան Ծերակոյտին մէջ ներկայացնելու համար իր թեկնածութիւնը դրած թրքահպատակ տոքթ․ Մեհմետ Օզին եւ Թուրքիոյ միջեւ կապերը՝ շեշտելով, որ անոնք հաւանաբար խախտումներ են Միացեալ Նահանգներու մէջ օտար երկիրներուն ի նպաստ գործունէութիւն տանողներու մասին 1938ին հաստատուած օրէնքին (FARA)։
Յիշեցնենք, որ Օզ կապեր ունի Թուրքիոյ բռնատէր նախագահ Էրտողանի հետ եւ պահած է թրքական իր քաղաքացիութիւնը։ Ան նաեւ սերտ կապեր ունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու հետ եւ խորհրդատուական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ Թուրքիոյ պետական օդանաւային ընկերութեան։
Փենսիլվանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը նահանգի տարածքին աշխատանք կը տանի Օզի եւ Անգարայի միջեւ կասկածելի կապերը հանրութեան ներկայացնելու համար, որպէսզի կարելի ըլլայ Էրտողանի աջակցութիւնը վայելող քաղաքական գործիչ մը հեռու պահել Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտէն։