Կիրակի, Հոկտեմբեր 8ին, Արլինկթընի (Մէսէչուսէց) իր կեդրոնին մէջ, Հայկական մշակութային հիմնարկը պիտի ներկայացնէ երկու նոր գիրքեր՝ Միքայէլ Վարանդեանի «Սեբաստացի Մուրատ» եւ Heinrich Vierbucher-ի «Հայաստան 1915»։ Գիրքերը պիտի ներկայացնեն արդի հայոց պատմութեան եւ Սփիւռքի մասնագէտ դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլ եւ պատմագէտ, գրող եւ մանկավարժ դոկտ. Սուզան Մորանեան։ Այս երկու գիրքերն ալ վերոնշեալ զոյգ գործերու առաջին անգլերէն թարգմանութիւններն են, այսպիսով անոնք հասանելի կը դառնան անգլիախօս հասարակութեան։
«Սեբաստացի Մուրատ»ը պատմական կենսագրութիւնն է Սեբաստացի Մուրատին (Մուրատ Յակոբեան-Խրիմեան), որ մէկն էր 20րդ դարու առասպելական յեղափոխականներէն եւ զինուորական դէմքերէն։ Բացառիկ մտաւորական, փիլիսոփայ, քաղաքական գործիչ եւ գրող Միքայէլ Վարանդեանի այս գործը կը նկարագրէ Սեբաստացի Մուրատին կեանքը իր ծննդավայր Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղէն, Պոլիս, Ռուսիա, Կովկաս եւ Պաքու, ուր զոհ կը դառնայ թշնամու գնդակին։
Այս գիրքը անգլերէնի թարգմանուած եւ խմբագրուած է Հայկական մշակութային հիմնարկի տնօրէն Արա Ղազարեանցի կողմէ։
«Հայաստան 1915»ը գրուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմէն առաջ ականաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Heinrich Vierbucher-ի կողմէ։ Այս գործը կազմուած է Համաշարհային Ա. պատերազմի օրերուն Թուրքիա կատարած ճամբորդութիւններու ականատեսի փորձին հիման վրայ, որպէս թրքական բանակի կազմակերպման առաքելութիւնը ունեցող գերմանացի գնդապետ Հիման Վոն Սանտըրզի անձնական թարգմանիչ։
Այս թարգմանութիւնը կատարուած է 1930ին լոյս տեսած օրինակէն, որ անմիջապէս կ՚արգիլուի։ Անգլերէն ներկայ թարգմանութեան մէջ տեղ գտած է նաեւ Վահագն Տատրեանի վերլուծական ակնարկը։ Թարգմանութիւնը կատարուած է Geoffrey Steinher»-ի կողմէ։ Այս գիրքը եւս խմբագրած է ու անոր յառաջաբանը կատարած է դոկտ. Արա Ղազարեանց։
Վերոնշեալ երկու գիրքերը լոյս պիտի տեսնեն Հոկտեմբեր 8ին։ Հետաքրքրուողները կրնան այժմէն իրենց պատուէրները տալ, հեռաձայնելով 781-646-3090 թիւին, եւ կամ կապ հաստատել acf.hmh@veri»on.net ե-հասցէին։