ՄԵՂՐԻ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 23ին, երթեւեկի դիմաց բացուեցաւ Կապան-Մեղրի 92 քիլոմեթր երկարութեամբ այլընտրանքայի ճամբու առաջին 19.7 քիլոմեթրնոց հատուածը:
Շինարարները այդ աշխատանքները աւարտեցին նախատեսուածէն աւելի քան մէկ ամիս առաջ: Ճամբու այս հատուածի կառուցման համար ծախսուած է շուրջ 2.35 միլիառ դրամ: Ըստ աշխատանքները կատարած ընկերութեան տնօրէն Ազատ Գասպարեանի, մայրուղին երրորդ կարգի ճանապարհ է, կ’անցնի լեռնային բարդ վայրերէ: Այդ ճամբու 2.5 քիլոմեթրը կառուցուած է Արաքս գետի հունը նեղցնելու հաշուին, որ եւ եղած է ամենաբարդ հատուածը:
Այս տարի նախատեսուած է շահագործման յանձնել եւս 40 քիլոմեթր, մնացեալ 32.3 քիլոմեթր հատուածը՝ յաջորդ տարի գարնան:
Նշենք, որ Կապան-Մեղրի այլընտրանքային ճամբու կառուցման համար պետական պիւտճէէն տրամադրուած է 26.5 միլիոն տոլար, եւս 6 միլիոն տոլար պիտի յատկացուի հետագային:
Ճանապարհահատուածի բացման մասնակցեցաւ նաեւ կապի եւ փոխադրութեան նախարար Անդրանիկ Մանուկեան: