Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի «Մաշտոց» քոլէճի տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի եւ առաջնորդութեամբ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս փրոֆ. Աւետիս Չափարեանի, Կիլիկիոյ, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Պոլսոյ մեր շրջապտոյտը տեղի ունեցաւ 2էն մինչեւ 17 Յուլիս 2005: Ուխտաւորներու խումբը կը բաղկանար 22 անձերէ, 17ը՝ Միացեալ Նահանգներէն, ներառեալ մէկ հոգի Հաուայէն, եւ 5 հոգի Լիբանանէն։
Լոս Անճելըսէն ամերիկեան օդանաւով հասանք Նիւ Եորք, ապա Նիւ Եորքէն թրքական օդանաւով Պոլիս, որմէ յետոյ աւելի փոքր թրքական օդանաւով հասանք Ատանա: Մեր շրջապտոյտը սկսաւ Ատանա քաղաքէն:
Մեր շարժավարն էր Սելիմ անունով շատ կիրթ արաբ երիտասարդ մը, որ իր անձնական, մաքուր, զով եւ լայն պատուհաններով փոխադրակառքով 3600 քմ. քշեց առանց մէկ գանգատի:
Մուսալեռցի երիտասարդ փրոֆեսէօր Աւետիս Չափարեան, երեսուն անգամ Թուրքիա այցելած եւ կամ խումբեր առաջնորդած է: Կարծես մեր պատմական հայրենիքին սիրահարուած էր: Անդադար հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կու տար մեր այցելած վայրերուն մասին եւ համեստօրէն կը փափաքէր միայն, որ զինք Աւօ կոչենք:
Ինչպէս գիտէք, հայոց արքայից արքայ Մեծն Տիգրան Բ. (95-54 Ք.Ա.) իր կայսրութեան սահմանները տարածած էր Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական ծով, ներառեալ Կիլիկիան: Ապա հռոմէացիները, բիւզանդացիները, Եգիպտոսի մէմլուքները եւ 1516էն սկսեալ օսմանեան թուրքերը իշխած են Կիլիկիոյ վրայ:
Կիլիկիա, Միջերկրական ծովուն ափին լայնօրէն բացուած, 40 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն ունէր: Վեց անգամ աւելի փոքր էր Պատմական Հայաստանէն, բայց Ամանոսեան եւ Տաւրոսեան լեռներուն միջեւ եւ Սիհուն ու Ճիհուն գետերով ոռոգուած բերրի դաշտերով վեց անգամ աւելի հարուստ էր իր բերքով:
Դաշտային Կիլիկիոյ մէջ, Միջերկրական ծովուն մօտ, Սիհուն գետին ափին, Ատանա հարուստ քաղաք մը եղած է՝ իր ցորենի, ձէթի, ընտիր բամպակի, օճառի եւ ծխախոտի գործարաններով: Նշանաւոր եղած է նաեւ արհեստներով եւ առեւտուրով:
1882 թուականին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կազմած վիճակագրութեան համաձայն, Կիլիկիոյ Ատանա նահանգին մէջ հայ բնակչութեան թիւը 280 հազար էր:
1882 թուականին, հայ հանրածանօթ ճարտարապետներ Գրիգոր Պզտիկեան եւ Գասպար Աւագեան Ատանայի ամէնէն բանուկ հրապարակին վրայ բարձր աշտարակ մը կառուցած են, հսկայ ժամացոյցով մը, որ մինչեւ այսօր կանգուն կը մնայ:
31 Մարտ 1909ին թուրքերը խոշոր գիրերով պաստառ մը կը փակցնեն այս աշտարակին վրայ, որուն վար գրուած էր. «Ատանայի հայութիւնը ջարդենք, որպէսզի հերթը գայ հայկական միւս շրջաններուն»:
1908ին, Թուրքիոյ սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, թուրք յետադիմական ուժերը հայերը կ’ամբաստանէին, թէ անոնք «հուրիէթ»ը Թուրքիա բերած են եւ կ’ուզեն հայկական թագաւորութիւնը վերականգնել: Թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդը կեղծիքով գաղտնապէս կը հրահրեն ու կը զինեն, իբր թէ հայերը գիշերով կղկղանք քսեր են մզկիթի մը վրայ եւ թրքուհի մը բռնաբարեր են, ստինքները կտրեր են եւ այլ հնարովի սուտեր: 500 ոճրագործներ ալ բանտերէն ազատ արձակեցին, որպէսզի երթան հայերը ջարդեն:
1 Ապրիլ 1909ին, հրդեհը, կողոպուտը եւ ջարդը կը սկսին Ատանայի կուսակալ Ճէվատ պէյի առաջնորդութեամբ եւ երիտթուրքերու մեղսակցութեամբ: Ատանայի կոտորածի առաջին զոհը կ’ըլլայ Դաւիթ (Տաւուտ) էֆենտի Ուրֆալեանը (ամուսնոյս հօր՝ Տիրան Մէյմարեանի քեռին), ինչպէս ուսուցչապետ եւ ներհուն մտաւորական Բիւզանդ Եղիայեան իր «Ատանայի հայոց պատմութիւն» հաստափոր գիրքին մէջ կը գրէ. «Չարդին առաջին նահատակը՝ Դաւիթ Ուրֆալեան, ծնած է 1859ին, Ատանայի մէջ, բազմաթիւ պետական պաշտօններ վարած, ուղղամիտ ու կատարեալ անկեղծութեան նկարագիրով հայ մըն էր, սիրուած քրիստոնեայ եւ իսլամ բոլոր քաղաքացիներէն: Պարթեւահասակ ու քաջառողջ, որ համերաշխութեան յորդորներ տուած մէկ պահուն՝ շուկայի մէջ, կռնակէն կը գնդակահարուէր, հասարակ քիւրտի մը ձեռով»:
Ութ օրուան մէջ Ատանայի նահանգին մէջ շուրջ 30 հազար հայ կը ջարդուի եւ քաղաքը կը հրկիզուի: Բանաստեղծ Սմբատ Բիւրատ (Տէր Ղազարեանց) մեզի ծանօթ հոգեխռով երգին բառերը կը գրէ.
Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան,
Անապատ դարձաւ շքեղ Ատանան,
Կրակն ու սուրը եւ անխիղճ թալան,
Ռուբինեաց տունը, ա՜խ, ըրաւ վիրան:
1922-1923 թուականներուն, երբ ֆրանսական զինուորական իշխանութիւնները Ատանան քէմալական Թուրքիոյ յանձնեցին, քաղաքը հայերէն պարպուեցաւ:
***
Ներկայիս Ատանա Թուրքիոյ ամէնէն նշանաւոր քաղաքներէն մէկն է, շուրջ 1,300,000 բնակչութեամբ: Բայց քաղաքին մէջ մեզ հետաքրքրողը հայկական հետքերն են:
Կը սկսինք թափառիլ հայկական թաղերու մէջ: Տակաւին շատ մը տուներ կանգուն կը մնան, թէեւ ապակիները կոտրուած, ներկը թափած, պատերը փոշիներու մէջ թաղուած են, բայց իրենց կառուցուածքէն յայտնի է, որ ժամանակին ասոնք գեղեցիկ երկյարկանի շէնքեր էին: Առաջնորդ Աւոն կ’ըսէ, թէ հայկական տուներու պատուհանները ուղղանկիւն եւ երկայն կ’ըլլան, որովհետեւ հայ կիներուն արտօնուած էր փողոց նայիլ, ու նաեւ այդ պատճառով հայկական տուներւն սենեակներն ալ աւելի լուսաւոր ու օդասուն կ’ըլլային: Անբնակելի տուներուն վարի յարկերը խանութներ կան, ամէն տեսակ խեղճ ու կրակ ապրանքներով լեցուն՝ երկաթէ շղթաներ, գործիքներ, կերպընկալէ խողովակներ, եւայլն:
Հայկական հիւանդանոցի շէնքը կանգուն է տակաւին, ինչպէս նաեւ հայկական փուռը, կաթողիկէ (ֆրանսիսքեան) եկեղեցին, որ միակ գործող քրիստոնեայ եկեղեցին է Ատանայի մէջ: Սիհուն գետի եզերքին տեսանք նաեւ «Աբգարեան» վարժարանի հսկայ շէնքը, որ ըստ մեր լսածի, թանգարանի պիտի վերածուի: (Կեսրայրս այս վարժարանէն շրջանաւարտ եղած է):
Հրապարակին վրայ, ժամացոյցին աշտարակին շուրջը գտնուող գոց շուկային մէջ, Ս. Յովհաննու եկեղեցին Չարշը համամ անունով բաղնիքի վերածուած է, իսկ Ս. Եղիա եկեղեցին՝ մզկիթի: Ուրիշ հայկական եկեղեցի մըն ալ ինքնաշարժի անիւներու նորոգութեան կեդրոն եղած է: Հրապարակին մէջտեղը իրենց ազգային հերոսին՝ Քէմալ Աթաթուրքին փառաւոր արձանը կանգնեցուցած են:
Այցելեցինք հայկական գեղեցիկ երկյարկանի տուն մը, որ կը կոչուէր «Նալպանտ»: Իսկապէս հարուստ պէտք է ըլլար ատանացին, այսպիսի նուրբ ճաշակով տուն մը կառուցելու համար: Թուրք բնակիչները ուզեցին մեզ հիւրասիրել, բայց ո՞վ սիրտ ունէր հիւրասիրուելու մեր բռնագրաւուած տան մէջ:
Սիհուն գետի վրայ տարածուող 16 կամարներով Ատանայի նշանաւոր կամուրջը՝ Թաս Քոփրու (Քարէ կամուրջ) անունով, կառուցուած է հռոմէացիներու կողմէ (117-138 Ք.Ե.) եւ վերանորոգուած շատ մը անգամներ: Կեսրայրս՝ լուսահոգի Տիրան Մէյմարեան, կը պատմէր, թէ այս 16 կամարներէն քանի մը հատը հեղեղները կը փլցնէին, կը տանէին: Վերջապէս, իր մեծ-մեծ հայրը խորհուրդ կու տայ կամուրջին յատակը քար լեցնել եւ ապա սիմենթով եւ երկաթով պատել, եւ այդ ընելէն ետք կամուրջին կամարները չեն փլիր, եւ մեր Մէյմարեան մականունը ասկէ ծագում կ’առնէ:
***
Ատանայէն ետք ճամբայ կ’ելլենք տեսնելու Կիլիկիոյ թագաւորութեան Կոռիկոս բերդը: Ատանայէն 30 քմ. արեւմուտք քշելով, կը հասնինք Տարսոն (Թարսուս) քաղաքը՝ Պօղոս Առաքեալի ծննդավայրը: Տարսոն եղած է Ռուբինեան իշխանութեան առաջին մայրաքաղաքը, ապա, ապահովութեան համար, 1173ին, մայրաքաղաքը փոխադրուած է ծովէն հեռու, Սիս:
Տարսոնի մէջ, 14 Յունիս 1226ին, կաթողիկոսը նախ կը պսակէ Հեթում Ա. եւ Զապէլը՝ Լեւոն Մեծագործի գահաժառանգ դուստրը, ապա կ’օծէ զանոնք իբրեւ Կիլիկիոյ թագաւոր եւ թագուհի: Երբ հարսանեկան թափօրը տաճարէն դուրս կ’ելլէր, հարսին եւ փեսային մօտիկ ազգականները մարգարիտ եւ ոսկի կը թափէին ժողովուրդին վրայ: Այս սովորութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Արտաշէս Ա.ի (189-160 Ք.Ա.) եւ ալաններու դուստր Սաթենիկի հարսանիքը, երբ առատ անձրեւի պէս ոսկի եւ մարգարիտ կը տեղար հարսնեւորներուն գլխուն:
Տարսոն ներկայիս, բաղդատմամբ անցեալի փառքերուն, սովորական քաղաք մըն է:
***
Տարսոնէն Մերսին կը հասնինք, որ այսօր 75 հազար բնակչութեամբ, Միջերկրական ծովուն վրայ նշանաւոր նաւահանգիստ մը եղած է, առեւտրական գլխաւոր կեդրոն մը՝ ճոխացած արդի շէնքերով:
Մերսինի մշակութային տան շէնքին առջեւէն կ’անցնինք: Կ’ըսուի, թէ երկու հայկական եկեղեցի փլցուցած են եւ անոնց քարերով այս շէնքը կառուցած…:
Մերսինի մէջ մեզ կը դիմաւորէ պատկառազդու թուրք մը, որ մեզ կ’առաջնորդէ Կոռիկոս բերդը:
Կիլիկիոյ հայ իշխանները եւ թագաւորները շատ մը հռոմէական եւ բիւզանդական բերդեր վերանորոգած են կամ նոր բերդեր կառուցած, ինչպէս Պապիռոնի, Կոռիկոսի, Լամբրոնի, Վահկայ եւայլն, որպէսզի լեռնային միջանցքները հսկեն եւ նաւահանգիստները պաշտպանեն:
Միջերկրական ծովուն վրայ, ցամաքէն 400 մեթր հեռու, կ’երեւին Կոռիկոս բերդին պարիսպները, եւ վայրկեան մը մեզ 2 հազար տարի ետ կը տանին:
Կոռիկոս ծովային բերդի հիմը դրած են Սելեւկեանները (3-2 դարերուն Ք.Ա.): Ալեքսոս Ա. Կոմնենոս բիւզանդացի կայսրը 11րդ դարուն վերջաւորութեան վերանորոգած է զայն: Կիլիկիոյ Թորոս Բ. իշխանը (1145-1159 թթ.) Կոռիկոսը կը միացնէ Հայկական Կիլիկիոյ: 1206ին Լեւոն Մեծագործ հիմնովին կ’աւարտէ Կոռիկոսի հրաշակերտ վերակառուցումը: Լեւոն Մեծագործի մահէն ետք (1219), Վահրամ իշխանը կը փորձէ տիրել Կոռիկոսին, սակայն պետութեան ուշիմ խնամակալ Կոստանդին Պայլը մահապատիժի կ’ենթարկէ զայն եւ Կոռիկիս բերդը իր եղբօր՝ Օշին Պայլին կը յանձնէ: Լեւոն Շանթ անդրադարձած է պատմական այս իրադարձութիւններուն, եւ իր «Օշին Պայլ» թատերգութիւնը (1929) այս մասին է:
Թուրք կառավարիչը մեզի կ’օգնէ նաւակ նստելու, եւ երբ պարիսպներէն ներս կը մտնենք, մեր առջեւ կը պարզուի ընդարձակ քառանկիւն տարածութիւն մը: Կառավարիչը մեզի ցոյց կու տայ նեղ քարէ աստիճաններով բարձրացող երկրորդ յարկի արեւմտեան աշտարակի վրայ հայերէն տառերով գրութիւն մը, որ գրաբարով կը նկարագրէ Լեւոն Բ. եւ Հեթում Ա. թագաւորներու նուաճումները: Գրութեան մեծ մասը աւրուած է եւ կարգ մը քարերուն տեղերը՝ փոխուած: Այս բերդին մէջ ապրած են Զապէլ թագուհին եւ Հեթում Ա.:
Այս գեղեցիկ բերդը թրքական հալածանքներու եւ բռնութիւններու հետեւանքով հետզհետէ կը հայաթափուի եւ կը հասնի այս կիսաւեր վիճակին:
Մերսին կը վերադառնանք եւ կ’իջեւանենք 46 յարկ ունեցող 4 աստղանի պանդոկ մը: Պանդոկին մուտքին բազմաթիւ կլոր ծաղկեպսակներ եռոտանիներու վրայ զետեղուած էին, Լոս Անճելըսի սգոյ ծաղկեպսակներու պէս: Յետոյ իմացանք, որ ասոնք հարսանեկան ծաղկեպսակներ էին, երրորդ յարկի վրայ հարսանեկան խրախճանք կար:
Մենք բարձրացանք վերի յարկերը եւ մեր հայկական հարցերով փաթթուած՝ լուռ ու մունջ քնացանք: