ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի ընտանեկան բժշկութեան գրասենեակներուն, գիւղական եւ քաղաքային դարմանատուներուն մէջ այժմ կ’աշխատին 320 ընտանեկան բժիշկներ եւ 440 ընտանեկան հիւանդապահուհիներ: Առողջապահութեան համակարգի արդիականացման 25.5 միլիոն տոլար արժէքով վարկային քառամեայ ծրագիրի կարեւոր մասերէն է ընտանեկան բժշկութեան զարգացումը, որուն համար կառավարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան միջեւ 2004ին կնքուած համաձայնագիրով յատկացուած է 7.1 միլիոն տոլար:
Այս մասին յայտնեց Ընտանեկան բժիշկներու հայկական ընկերակցութեան նախագահ Սամուէլ Յովհաննիսեան եւ նշեց, որ սոյն ծրագիրով կը նախատեսուի մինչեւ 2009 վերապատրաստել 930 բժիշկներ եւ 930 հիւանդապահուհիներ եւս, համապատասխանաբար 12 եւ 6ամսեայ կրթական ծրագիրներով: Անոնք դասընթացքներու պիտի հետեւին Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին, Առողջապահութեան ազգային հիմնարկին եւ Բժշկական յենակէտային ուսումնարանին կից ընտանեկան բժշկութեան ամպիոններուն մէջ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ ըստ ծրագիրին պիտի բարելաւուին ընտանեկան բժիշկներու աշխատանքային պայմանները, նորոգուին 14 եւ կառուցուին 6 գիւղական դարմանատուներ, իսկ 150ին պիտի յատկացուին բժշկական սարքաւորումներ եւ պարագաներ: