ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 16 Մայիսին, ՀԱՊԿի յոբելենական գագաթնաժողովին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան դարձեալ քննադատեց ռազմական դաշինքը՝ ատրպէյճանական բանակին Հայաստան ներխուժման պատշաճօրէն չարձագանգելուն համար:
«Սա Հայաստանի համար կարեւոր խնդիր է: Անցած տարի հէնց այս օրերին Ադրբեջանի զօրքերը ներխուժել են Հայաստանի ինքնիշխան տարածք: Հայաստանը դիմել է ՀԱՊԿին, որպէսզի գործադրուեն 2010 թուականի Դեկտեմբերի 10ին հաստատուած Ճգնաժամային իրավիճակներին արձագանգման կանոնակարգով նախատեսուած ընթացակարգերով մեխանիզմները (գործիքակազմերը): Բայց, ցաւօք, չենք կարող ասել, որ կազմակերպութիւնը արձագանգեց այնպէս, ինչպէս սպասում էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը», ըսաւ ան:
Ան այս մասին խօսեցաւ Քրեմլինի մէջ՝ ՀԱՊԿի անդամ միւս երկիրներու, որոնց կարգին Ռուսիոյ նախագահին ներկայութեան՝ աւելցնելով նաեւ, որ տարիներ շարունակ կազմակերպութեան անդամ երկիրները Պաքուին զէնք կը տրամադրէին։ «Մենք երկար ժամանակ բարձրացնում էինք Հայաստանին ոչ-բարեկամ երկրին զէնքի վաճառքի հարցը: Այդ զէնքը օգտագործուել է Հայաստանի դէմ եւ հայ ժողովրդի դէմ: Դա նոյնպէս խնդիր է», ըսաւ Փաշինեան:
Ան քննադատեց նաեւ ռազմական դաշինքին արձագանգը 44օրեայ պատերազմին, նոյն ժամանակ, բարձր գնահատեց Ռուսիոյ նախագահին դերը Արցախի մէջ զինադադար հաստատելու հարցին մէջ:
Ան կարեւոր նկատեց ՀԱՊԿի հետագայ զարգացումը՝ նշելով, թէ կազմակերպութիւնը առանցքային գործօն կը նկատէ Եւրասիական տարածաշրջանի եւ Հայաստանի համար կայունութեան ու ապահովութեան հարցին մէջ:
ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս, պատասխանելով Փաշինեանի քննադատութեան վերաբերող հարցումի մը՝ ըսաւ. «Այսօր ճգնաժամային արձագանգման արդիւնաւէտութիւնը բարելաւելու բազմաթիւ առաջարկներ կատարուեցան, որոնց կարգին՝ Հայաստանի կողմէ, հիմնուելով Ղազախստանի մէջ ձեռք բերուած գործնական փորձառութեան վրայ: Չէ որ ընդհանուր առմամբ համակարգը աշխատեցաւ: Այո՛, որոշ բաներ ստիպուած էինք ձեռքով կարգաւորել: Այդպէս պէտք չէ ըլլայ. հիմա առաջադրանք կայ ուղղումներ կատարելու՝ չխախտելով գոյութիւն ունեցող համակարգը, որ աշխատեցաւ եւ հնարաւորութիւն տուաւ կատարել առաջադրանքը, որոնց կարգին՝ Ղազախիստանի մէջ: Խօսք եղաւ նաեւ կովկասեան տարածաշրջանին մասին: Այս հարցը կը մշակուի եւ կը քննարկուի»:
Ի տարբերութիւն Փաշինեանի, գագաթնաժողովը հիւրընկալող Ռուսիոյ նախագահը եւ անոր դաշնակից Պելոռուսի առաջնորդը կեդրոնացան մէկ այլ հակամարտութեան՝ ուքրանական պատերազմին վրայ: Խօսելով արդէն շուրջ երեք ամիս շարունակուող պատերազմին մասին՝ Փութին դարձեալ զայն որակեց ռազմական յատուկ գործողութիւն եւ յայտարարեց, որ դաշնակիցներուն մանրամասնութիւններ կը ներկայացնէ դռնփակ նիստին:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու առաջնորդները հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը՝ անդրադառնալով ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ սահմաններու ապահովութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութեան:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ՀԱՊԿն պատրաստ է երաշխաւորելու իր սահմաններու ապահովութիւնը, որոնց կարգին Աֆղանիստանի մէջ եւ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու այլ արտաքին սահմաններուն անհանգստութիւն պատճառող իրավիճակի լոյսին տակ:
«Անհանգստութիւն կը պատճառէ իրավիճակը Աֆղանիստանի մէջ եւ ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու այլ արտաքին սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակը: Այս պարունակին մէջ պատրաստակամութիւն կը յայտնենք ապահովել ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ սահմաններու ապահովութիւնը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրները պատրաստ են ՆԱԹՕի հետ գործնական համագործակցութիւն հաստատելու:
«Գիտակցելով մեր պատասխանատուութիւնը Եւրասիական տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու հարցին մէջ՝ կ՛ընդգծենք մայրցամաքին մէջ լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութիւնը եւ կը հաստատենք ՆԱԹՕի հետ գործնական համագործակցութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: