Երէկ էր կարծես, երբ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու այս հեռաւոր, բայց պայծառ երկինքին տակ, առաջին Հայ Աւետարանական վարժարանը հիմնելու լուսաշող գաղափարը ունեցան խումբ մը նուիրեալներ: Մայրենի լեզուին եւ աւետարանական դաստիարակութեան նկատմամբ անոնց ունեցած անսասան հաւատքը նորածին վարժարանը դրաւ ամուր եւ հաստատ հիմերու վրայ եւ ահա, ան դարձած է 25 տարեկան:
2006—2007 ուսումնական տարեշրջանին «Մերտինեան» վարժարանը կը բոլորէ իր 25 ամեակը եւ յաջորդական քանի մը ձեռնարկներով պիտի յիշատակուի այս հանգրուանը:
Անոնցմէ առաջինը վարժարանի Ծնողա—ուսուցչական կազմակերպութեան տարեկան ճաշկերոյթ—պարահանդէսն էր, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17ի երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Կլէնտէյլի «Պրէնտվիու քըլլէքշըն»ի շքեղ սրահին մէջ: Ներկայ էին աւելի քան 300 խանդավառ շրջանաւարտներ, ծնողներ, աշակերտներ, ուսուցիչներ, նախկին եւ նոր հոգաբարձուներ, ինչպէս նաեւ «Մերտինեան» մեծ ընտանիքի անդամներ, բարեկամներ:
Ծնողա—ուսուցչական մարմինի ատենապետուհի Տի Չորլեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց վեր. Ճէք Չորլեան, ապա յաջորդաբար խօսք առին վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տոքթ. Հրայր Աթիքեանը եւ տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեանը: Անոնք շնորհաւորեցին վարժարանի 25 տարուան երթը, հաստատեցին անոր հաստատաքայլ ընթացքը եւ արձանագրած իրագործումները, եւ վերջապէս այս 25ամեայ հաստատութեան մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ եւ յարատեւ վերելք:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնի յաջորդ մասին մէջ պատշաճ նուէրով մը գնահատուեցան Ծնողա—ուսուցչական ընթացաւարտ վարչութեան անդամները՝ «Մերտինեան» վարժարանին հանդէպ իրենց ցուցաբերած անսակարկ նուիրումին եւ ծառայութեան համար:
Ապա հաստատութեան 25րդ տարեդարձը խորհրդանշող կարկանդակը կտրեցին ճաշկերոյթին ներկայ եղող հին եւ նոր հոգաբարձութեան ատենապետները, տնօրէններն ու Ծնողա—ուսուցչական կազմի ատենապետուհիները:
Երեկոյի մնացեալ ժամերը անցան բացառիկ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: Վարձքը կատար Ծնողա—ուսուցչական մարմինի անխոնջ վարչականներուն:
«Մերտինեան»ի 25ամեակին նուիրուած յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 4, 2007ին, «Արարատ» տան «Տէօքմէճեան» շքեղ սրահին մէջ, կազմակերպութեամp վարժարանի հոգաբարձութեան:
(Թղթակցութիւնը Վարժարանէն)