ՀՌՈՄ, «Եուրոփոլիթիքս».- Իտալական «Քորիէրէ տելլա սերա» թերթին մէջ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ, Եւրոպական միութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Հոզէ Մանուէլ Պարոսօ կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ անդամակցութեան բանակցութիւնները կրնան կասեցուիլ, որովհետեւ Թուրքիա լրջութեամբ չի մօտենար բարեկարգումները արագացնելու եւրոպական պահանջներուն:
Ան կը շեշտէ, թէ Թուրքիոյ մէջ բարեկարգումները ընթացքը մտահոգիչ կերպով դանդաղած է: «Կը ցաւիմ յայտնելու, որ վիճակը լաւ չէ», ըսած է ան:
«Բարեկարգումները շատ դանդաղ առաջ կ’երթան, եւ չեմ տեսներ այն յառաջդիմութիւնը, որ կ’ակնկալէինք», ըսաւ ան, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Եւրոմիութեան նախագահութիւնը ստանձնած Ֆինլանտայի իշխանութիւնները բաւարար ճնշում կրնան բանեցնել Թուրքիոյ վրայ, բարեկարգումները արագացնելու նպատակով:
Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութեան մասին արտայայտուող շարք մը եւրոպացի ղեկավարներ վերջերս ընդունած են, թէ գործընթացը կրնայ «արկածի» մը հանդիպիլ:
Կիպրոսի իշխանութիւնները եւ Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ կը պահանջեն Թուրքիայէն, որ Կիպրոսի առջեւ բանայ իր օդակայաններն ու նաւահանգիստները: Կիպրոս նաեւ կը շեշտէ, թէ վէթոյի իր իրաւասութիւնը պիտի շարունակէ գործածել, մինչեւ այն ատեն, որ Թուրքիա իր ստանձնած պարտաւորութիւնները իրականացնէ:
Եւրոպական միութիւնը Թուրքիոյ յառաջխաղացքին մասին իր յաջորդ տեղեկագիրը Նոյեմբեր 8ին պիտի ներկայացնէ: