Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Յունուար 1ին, Փասատինա քաղաքը կը կազմակերպէ Վարդերու շքերթ՝ Rose Parade: Ամէն տարի միլիոնաւոր դիտողներ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ, հետաքրքրութեամբ կը հետեւին վարդերով ու ծաղիկներով գեղեցկօրէն զարդարուած կառքերուն, երկրի զանազան նահանգներու երկրորդական վարժարաններու փողերախումբերու, ձիաւորներու եւ շքերթի թագուհիին ու իշխանուհիներուն, որոնք տասնեակ հազարաւոր ներկաներու ծափողջոյններուն տակ կը տողանցեն Քոլորատօ պողոտայէն:
Սոյն աւանդութիւնը սկսած է 1890ին եւ իւրաքանչիւր տարի շքերթի յանձնախումբը կ’ընտրէ յարմարագոյն անձը՝ իբրեւ շքերթի պետ (Grand Marshal) եւ տարուան մեծարեալ: Այս բացառիկներու շարքին եղած են Մ. Նահանգներու նախագահներ, հռչակաւոր դերասաններ, գիտնականներ, պետական անձեր եւ բացառիկ հանգամանք վայելող այլ ամերիկացիներ:
Հետաքրքրական է նշել, որ 1915ին, Հայկական Ցեղասպանութեան տարին, շքերթի մեծարեալն էր այդ օրերուն միջազգային համբաւի տիրացած հայազգի մասնագէտ ձիավար Մովսէս Փաշկեանը: Ան Վարդերու շքերթին իր մասնակցութիւնը բերած է 12 անգամ եւ մինչեւ 1933 շարունակած է բերել իր մասնակցութիւնը:
Մովսէս Փաշկեան 24 տարի շարունակ խլած է ձիավարութեան առաջնութիւնը եւ շնորհիւ իր արձանագրած բացառիկ յաջողութիւններուն՝ արժանացած է փառատօնի յանձնախումբի բարձր գնահատանքին:
Փասատինայի Վարդերու շքերթի 116ամեայ պատմութեան մէջ, Մովսէս Փաշկեան կը հանդիսանայ այս պատիւին արժանացած առաջին ու միակ հայը:
Փաշկեան ընտանիքը հանրածանօթ է Փասատինայի ամերիկեան լայն շրջանակներուն, իբրեւ շրջանի ամենահին հայ ընտանիքներէն մին: Անոնց արմատները ծագում առած են Խարբերդէն եւ Մովսէս Փաշկեանի ընտանիքի շատ մը անդամներ զոհ գացած են 1915ի Ցեղասպանութեան, իսկ մնացեալները մազապուրծ ազատելով հաստատուած են Լիբանան եւ Մ. Նահանգներ:
Մովսէս Փաշկեանի եղբօրորդին՝ Սամուէլ Փաշկեան, հանրածանօթ եղած է Լիբանանի մէջ, իբրեւ գեղագիր-արուեստագէտ ու Ս. Գիրքի զանազան համարներով իր ստեղծագործած հարիւրաւոր գեղագիր գործերը կը զարդարեն բազմաթիւ հայ ընտանիքներու բնակարանները: