ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Միօրեայ համեմատական խաղաղութենէ ետք, Հինգշաբթի, Յունուար 25ին Լիբանանի իշխանամէտ ուժերու կողմէ հրահրուած նոր բախումները առնուազն չորս նոր զոհեր խլեցին, մինչ լիբանանեան բանակը պարտադրուեցաւ կրակմարի դրութիւն հաստատել կացութիւնը հակակշռի տակ պահելու համար:
Նոյն օրը, Փարիզի մէջ հաւաքուած 40 երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ 7.6 միլիառ տոլարի օժանդակութիւններ եւ վարկեր խոստացան Լիբանանի վերակառուցման նպատակով:
Հինգշաբթի օրուան բախումներուն գլխաւոր վայրը Արաբական համալսարանն էր, ուր ընդդիմութեան անդամ երկու ուսանողներ սպաննուեցան եւ միայն լիբանանեան բանակին միջամտութիւնը կրցաւ կացութիւնը զսպել: Համալսարանի կառատան մէջ եւ ճամբու եզրին կանգնած ինքնաշարժները հրոյ ճարակ դարձան:
Ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ կողմերը փոխադարձաբար իրարու ամբաստանեցին, միաժամանակ զուսպ մնալու կոչեր ընելով իրենց համակիրներուն:
Լիբանանի օժանդակութեան «Փարիզ 3» խորհրդաժողովը հիւրընկալած Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք ողջունեց Լիբանանի տրուած օժանդակութիւնները: Սէուտական Արաբիա մծագոյն նուիրատուն հանդիսացաւ՝ 1.1 միլիառ տոլար գումարով, մինչ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները 770 միլիոն տոլար խոստացան: 700ական միլիոն տոլար խոստացան նաեւ Արաբական դրամական հիմնադրամն ու Համաշխարհային դրամատունը:
Վերադառնալով Պէյրութ, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ եւ «Ամալ» շարժումի ղեկավար Նէպիհ Պըրրի եւս կոչ ուղղեց կացութիւնը հանդարտեցնելու։ Վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Ֆրանսայէն եւ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սելիմ Հոս եւս նման կոչեր կատարեցին:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար՝ երեսփոխան զօր. Միշէլ Աուն եւս մտահոգիչ եւ վտանգաւոր նկատեց ապահովական խախտումները: Աուն շեշտեց, որ ընդդիմութեան մագլցողական քայլերուն մէջ երբեք չէ ներառուած ինքնաշարժներ քանդելու որոշումը, հետեւաբար ընդդիմութեան ուժերուն համակիրները ենթարկուած են իրենց որոշումներուն եւ նման արարքներ չեն գործած։ Աուն ըսաւ, որ այդ արարքները գործուած են «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան կողմէ: Ան Լիբանանի կառավարութիւնը նկատեց «ոճրագործ կառավարութիւն»։
Աուն հարց տուաւ բոլոր հոգեւոր պետերուն, որոնց շարքին՝ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին եւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամէտ Ռաշիտ Քապպանիին, ըսելով. «Դուք խստիւ քննադատեցիք անիւներ հրկիզելու արարքը, սակայն արդեօք անզէն քաղաքացիներուն վրայ արձակուած փամփուշտները նաեւ արժանի չէի՞ն դատապարտումի»:
Իր կարգին, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շեշտեց, որ ընդդիմութեան ղեկավարները միասնական որոշումներով եւ համախոհութեամբ կ՚առաջնորդուին: Ան կոչ ուղղեց խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու եւ այդպիսով լուծելու Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական տագնապը։ Ան կոչ ուղղեց նաեւ ներկայ իշխանութիւններուն վերջ տալու իրենց մեծամտութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդը անտեսելու իրենց սովորութեան՝ զգուշացնելով, որ ընդդիմադիր ուժերը առիթ կու տան իրենց, սակայն այդ համբերութիւնը չափ ու սահման ունի։
Նկատի ունենալով իշխանամէտ քաղաքական ուժերուն կողմէ բանակին հասցէին ամբաստանութիւնները՝ բանակի հրամանատարութիւնը Չորեքշաբթի օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակին դերակատարութիւնը երկրին ապահովութիւնը երաշխաւորեց: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ բանակը մեծ թիւով յանցագործներ ու խափանարարներ ձերբակալեց եւ զանոնք յանձնեց համապատասխան դատական ատեաններուն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով զէնքեր գրաւեց եւ տակաւին կը հալածէ ապօրինի կերպով զէնք ունեցող որոշ կասկածելիներ։
Բանակի հաղորդագրութիւնը նշեց, թէ բանակը, որ դաւադրութեամբ ամբաստանուեցաւ, մեծ հարց չի տեսներ այդ ամբաստանութեան մէջ, եթէ իր այդ դերակատարութեամբ կրցած է փրկել Լիբանանը ու լիբանանցի քաղաքացիները։