ԵՐԵՒԱՆ, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան.- Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի «Միտք» երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Նոյեմբեր 26ին, Մոսկուայի «Սուրիքով» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայրենի Չաւախք» խորագիրով երիտասարդական գիտաժողով։
Գիտաժողովին մասնակցեցան մոսկուահայ ուսանողութիւնը, ներկայ էին նաեւ Ռուսիոյ երիտասարդ իրաւաբաններու միութեան ներկայացուցիչները։
«Միտք»ի վարչութեան ներկայացուցիչ Միքայէլ Յարութիւնեան յայտնեց, որ գիտաժողովը ոչ միայն ճանաչողական նշանակութիւն ունի, այլ նաեւ հասարակութեան, մասնաւորապէս երիտասարդութեան Չաւախքի խնդիրներուն հասու դարձնելու նպատակ կը հետապնդէ։
Գիտաժողովի ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Չաւախք. յաւերժական հայրենիք» վաւերագրական տեսաժապաւէնը, ուր ներկայացուած են Չաւախքի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը, ջաւախքցիներու հարցերը։
Զեկուցումներ ներկայացուցին Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմարկի, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմագիտական համալսարանի, Ռուսիոյ պետական ընկերային հիմնարկի, Ժողովուրդներու բարեկամութեան համալսարանի ուսանողները, որոնք ներկայացուցին Չաւախքի պատմութիւնը, ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, հայ բնակչութեան արտագաղթի խնդիրը, հարաւային Կովկասի մէջ Չաւախքի աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ նշանակութիւնը։
Գիտաժողովին իբրեւ փորձագէտներ խօսք առին Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի Կովկասագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Վլատիմիր Զախարով եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան։
Տեղի ունեցաւ աշխոյժ քննարկում Չաւախքի հարցերուն մասին:
Գիտաժողովի մասնակիցները նպատակայարմար համարեցին յառաջիկային այս թեմայի վերաբերեալ հրապարակել նիւթերու ժողովածոյ, ուր պիտի ընդգրկուին նաեւ գիտաժողովին ներկայացուած զեկուցումները։