ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արտերկիրէն մարդիկ դրամական փոխանցումներ կը կատարեն Հայաստան այն պատճառով, որ սկսած են աւելի վստահիլ այս երկիրին: Այս մասին Հոկտեմբեր 27ին տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռաճըր Ռապինսըն՝ անդրադառնալով Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքին մէջ դրամական փոխանցումներու մեծ տոկոսին եւ ընդգծեց անոնց կարեւորութիւնը տնտեսութեան համար:
«Հայաստանից դուրս գտնուող շատ հայեր ցանկանում են Հայաստանում սեփականութիւն ձեռք բերել», նշեց Ռ. Ռապինսըն՝ եզրակացնելով, որ այդ փոխանցումները կը կատարուին ոչ միայն արտերկիրի մէջ աշխատողներու կողմէ՝ իրենց ընտանիքներուն կարիքները հոգալու, այլեւ կ’օգտագործուին սեփականութիւն ձեռք բերելու համար: «Եթէ դրսի հայերը ցանկանում են իրենց գումարները ներդնել Հայաստանում, ապա դա նշանակում է, որ նրանք վստահ են Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական ապագայի նկատմամբ», եզրակացուց Ռապինսըն:
Նշենք, որ այս տարի կատարուած է 1.5 միլիառ տոլարի դրամական փոխանցում, որ անցեալ տարուան համեմատ 35 տոկոսով աւելի է: