ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար 26ին, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային բանակի կազմաւորման 15ամեակին նուիրուած գիտաժողով, զոր կազմակերպած էին ԵՊՀ եւ պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկը:
«Նման գիտաժողով անցկացնելու փաստը վկայում է, որ ռազմական շինարարութեան եւ մեր զինուած ուժերի հետագայ կատարելագործման հարցերը գտնւում են ոչ միայն զինեալ ուժերի համար անմիջականօրէն պատասխանատու պաշտօնական անձանց, այլ նաեւ գիտութեան ու ստեղծագործ մտաւորականութեան ներկայացուցիչների, հասարակութեան ու ամբողջ ժողովրդի ուշադրութեան կենտրոնում», նշեց բանակի սպայակոյտի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, զօր. Միքայէլ Յարութիւնեան: Ան ներկայացուց անցեալ տարիներու ընթացքին բանակաշինութեան հիմնական փուլերը: Անդրադառնալով յառաջիկայ խնդիրներուն, ան ըսաւ, որ անոնց լուծման ընթացքին անհրաժեշտ է հաշուի առնել զարգացած երկիրներու փորձը, ազգային առանձնայատկութիւնները, աշխարհի եւ տարածաշրջանի մէջ տիրող աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնը:
Մինչեւ գիտաժողովի սկսիլը, մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուր, ծանօթացան ԵՊՀի ճեմասրահին մէջ ցուցադրուած հայոց բանակին նուիրուած գիրքերուն: Գիտաժողովի աշխատանքի դադարին ցուցադրուեցաւ «Տիգրան Մեծ. Հայրենապաշտ տիրակալ» շարժանկարը: