ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 28ի արտահերթ նիստին, Ազգային ժողովը ընդունեց նախորդ օր քննուած 24 օրինագիծերը եւ օրէնսդրական թղթածրարներ: Առաջին ընթերցումով ընդունուեցան երեխայի իրաւունքներու մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարող եւ 2007-2009ի պետական վիճակագրական աշխատանքներու եռամեայ ծրագիրը հաստատող օրինագիծերը, ինչպէս նաեւ վերահսկիչ պալատին առնչուող օրէնսդրական թղթածրարը:
2րդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունուեցաւ հարկային ծառայութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարող օրինագիծը եւ 2007ի Յուլիս 1էն սկսեալ հարկային պաշտօնեաներուն պիտի թոյլատրուի քաղաքական կուսակցութեանց անդամակցութիւնը:
2րդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունուեցաւ նաեւ պարզացուած հարկի մասին օրէնքի փոփոխութիւններու օրինագիծը: