ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 2-17ին Երեւանի մէջ նախատեսուած մինչեւ 20 տարեկաններու ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան պիտի մասնակցին 88 ճատրակիստներ եւ 66 ճատրակիստուհիներ:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 29ին Հայաստանի մինչեւ 12 տարեկան 40 լաւագոյն պատանի ճատրակիստները Երեւանի «Քասքատ» համալիրի պուրակին մէջ սկսան մրցապայքարը 2006ի ՄԱԿի երեւանեան գրասենեակի բաժակին համար:
Նոյն օրը սկսան նաեւ Հայաստանի 15 լրագրողներու եւ Հայաստանի մէջ գործող միջազգային կառոյցներու աշխատակիցներու համաժամանակեայ խաղերը Թորինոյի ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականի ախոյեաններու՝ Հայաստանի տղոց հաւաքականի անդամներ Լեւոն Արոնեանին, Գաբրիէլ Սարգսեանին, Կարէն Ասրեանին, Սմբատ Լպուտեանին եւ Արտաշէս Մինասեանին հետ: