ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Համաշխարհային դրամատան եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամի աջակցութեամբ 2006ին Հայաստանի գիւղատնտեսական հաստատութիւններուն տրուած են 4 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարի վարկեր: Անոնք տրամադրուած են մինչեւ հինգ տարի ժամկէտով՝ տարեկան 9.8-10%ով:
Այս մասին Դեկտեմբեր 26ի ասուլիսի ընթացքին յայտնեց գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեան եւ նշեց, որ վարկերը տրամադրուած են Վայոց Ձորի, Սիւնիքի, Տաւուշի մարզերու լեռնային եւ նախալեռնային գօտիին մէջ 291 փոքր եւ միջին գիւղատնտեսական հաստատութիւններ հիմնելու, որոնցմէ 96ը՝ միսի, կաթի, պտուղի վերամշակման հաստատութիւններ են, ինչպէս նաեւ փոքր սպանդանոցներ:
Ըստ նախարար Լոքեանի, Համաշխարահային դրամատան վարկային միջոցներէն 2007ին եւս 80 միլիոն տոլար պիտի յատկացուի մանր եւ միջին գիւղատնտեսական գործարարութեան զարգացման համար: