ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» թերթի համացանցային կայքը հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ հիւսիսարեւմուտքը գտնուող Պանտըրմա քաղաքին քաղաքապետարանը համաձայն գտնուած է ալճերիական «ցեղասպանութեան» զոհերուն նուիրուած կոթող մը կանգնեցնելու՝ իբրեւ բողոք Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացողները պատժելու վերաբերեալ Ֆրանսայի խորհրդարանին տուած որոշումին։
Կոթողը տեղադրելու առաջարկը ներկայացուած է քաղաքապետական ժողովին ընթացքին եւ քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունած է առաջարկը։ Քաղաքապետը՝ Ճեմալ Օզթայլան յայտնած է նաեւ, թէ քաղաքապետարանը դիմած է Ալճերիոյ դեսպանատուն, որպէսզի այս վերջինը պէտք եղած ցուցմունքները տայ այս ուղղութեամբ։ Քաղաքապետին համաձայն, կոթողին պատրաստութեան եւ տեղադրման ծախսերը հոգալու համար կարգ մը քաղաքացիներ դիմած են քաղաքապետարան։
Թուրքերը զայրացած են Ֆրանսայի խորհրդարանին տուած որոշումով եւ կը բողոքեն՝ ըսելով, որ ֆրանսացիք թուրքերէն կը պահանջեն ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, մինչ անոնք կը մերժեն ընդունիլ ալճերիացիներուն դէմ իրենց գործած ոճիրները՝ ըսելով, որ«զաւակները ներողութիւն չեն խնդրեր իրենց հօր գործած մեղքերուն համար»։