ՀԱՐՑՈՒՄ.- Խնդրեմ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցէք պոլսահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ոչ պաշտօնական տուելաներու համաձայն՝ պոլսահայութեան եւ Թուրքիոյ գաւառահայութեան ներկայ թուաքանակը կը գնահատուի 60 հազարով: Մեծամասնութիւնը անշուշտ Պոլսոյ մէջ:
Պոլսոյ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւը 4000 է, սակայն թիւը հետզհետէ կը պակսի:
Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար Թուրքիոյ վրայ դրուած պայմաններուն իբրեւ արդիւնք, վերջին տարիներուն յաւելեալ ազատութիւններ տրուեցան հայկական եկեղեցիներուն: Օրինակ՝ նախապէս արգիլուած էր քրիստոնեայ եկեղեցական շէնքերը նորոգել. այսօր այդ մէկը արտօնուած է:
Հակառակ այն իրողութեան, որ պոլսահայութիւնը որեւէ ձեւի ճնշումի տակ չի գտնուիր, բայց եւ այնպէս, Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին Թուրքիոյ մէջ արծարծման գծով որոշ «անհանգստութիւններ» ունին, որ բնականաբար հասկնալի է:
Հ.- Թրքական A-TV կայանին հետ ձեր հարցազրոյցի ընթացքին, դուք յանդգնօրէն անդրադարձաք Հայկական Ցեղասպանութեան, որ մեծ զայրոյթ յառաջացուց թրքական մամլոյ շրջանակներուն եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին մօտ: Ինչպէ՞ս ընթացաւ այդ հարցազրոյցը:
Պ.- Ես պատուելի եմ: Ինչպէս Քրիստոս կ’ըսէ՝ «Ես ճշմարտութիւնը վկայելու համար եկած եմ»: Ես իմ կարգիս, իբրեւ Տիրոջ եւ Քրիստոսի ծառայ՝ պէտք էր որ ճշմարտութիւնը յայտնէի: Ես շեշտեցի, որ Անատոլուն, Փոքր Ասիան՝ հայերուն հայրենիքն է: Այսօր սակայն, թուրքերը մեզ հիւր կը համարեն: Այս մէկը ինծի համար վիրաւորական է: Այս ըմբռնումի լոյսին տակ, ես այդ հարցազրոյցի ընթացքին առանց բառերը ծամծմելու յայտնեցի, որ ե՛ս եմ տեղացին, իսկ դուք՝ հիւրերը:
Նոյնիսկ այս դէպքէն առաջ, աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, հեռատեսիլի այլ յայտագրէ մը ելոյթ ունենալով, դարձեալ նոյն տեսակէտս փոխանցեցի թուրք հանրութեան, հաստատելով, որ իրենք են հիւրերն ու եկուորները այս երկրին մէջ: Այդ առիթով շեշտեցի նաեւ, որ այսօր ալ կը շարունակուի ջարդը, այս անգամ տնտեսական ձեւով, որովհետեւ գրաւած են հայ ժողովուրդի բոլոր կալուածները:
Այստեղ կ’ուզեմ յայտնել նաեւ, որ Եւրոմիութեան անդամակցութեան պատճառով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ազատ խօսելու թոյլտուութեան զուգահեռ, թրքական կառավարութիւնը ճշմարտութիւնը ծածկելու եւ հայկական կողմին հակադարձելու յստակ նպատակով, սկսաւ թուրք պատմաբաններ համախմբել եւ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտող ուսումնասիրութիւններ հրապարակել:
Ահա այս է ցաւալին, որ թրքական կառավարութիւնը նոր սերունդը կը շարունակէ դաստիարակել իրականութեան չհամապատասխանող պատմական տուեալներով:
Անշուշտ գիտէք նաեւ, որ ազատ արտայայտուելու օրէնքը շատ մը թուրք պատմաբաններու եւ բանասէրներ մղեց, որ հաստատեն պատմական իրողութիւնները:
Հ.- Ի՞նչ արձագանգներ ունեցաւ ձեր հարցազրոյցը:
Պ.- Հարցազրոյցի յաջորդող օրերուն, հեռաձայններու տեղատարափ մը ստացայ, ոմանք մինչեւ Անատոլուի խուլ անկիւններէն: Հեռաձայնողները թուրքեր էին: Անոնք ինծի յայտնեցին, թէ ինչպէս իրենց մեծ հայրերը պատմած են հայկական ջարդերուն իրենց մասնակցութեան մասին:
Այստեղ փակագիծ մը բանալով յայտնեմ նաեւ, որ շատ յաճախ Պոլսոյ մեր աւետարանական եկեղեցւոյ մօտէն անցնող թուրքեր կանգ կ’առնեն եւ ինծի հարց կու տան, թէ արդեօ՞ք քրիստոնեաներու եկեղեցի է իրենց տեսածը: Ես իմ կարգիս իրենց հարց կու տամ, թէ ո՞ր շրջանէն են: Կը պատասխանեն՝ Այնթապէն, Էրզրումէն, Ուրֆայէն…: Իրենց կը հարցնեմ, եթէ հայկական արմատներ ունին: Ոմանք կ’ընդունին, որ իրենց մեծ հայրը կամ մեծ մայրը հայ եղած է, ուրիշներ, կը յայտնեն, որ իրենց գիւղը ժամանակին հայկական գիւղ եղած է:
Հեռատեսիլի ելոյթէս ետք, գաւառներէն բազմաթիւ հայեր եկան եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ինծի, յայտնելով, որ երկար տարիներու իրենց լուռ ցաւն ու կոտտացող իրականութիւնը իմ միջոցովս բացայայտուեցաւ:
Այս այցելութիւններուն մէջ ուշագրաւ էր խարբերդցի ուսուցիչի մը պարագան, որ շնորհաւորելէ ետք զիս, ցած ձայնով յայտնեց, թէ ինքն ալ հայ էր եւ թէ մեծ հայրը հարկադրուած իսլամացած էր: Առաջարկեցի իրեն վերընդունիլ քրիստոնէութիւնը: Յուզումով բացատրեց, թէ եթէ ընդունի, ի՞նչ պատասխան պիտի տայ իր ընտանեկան պարագաներուն, որոնք բոլորն ալ իսլամ են:
Մեր հաշուարկներով, այսօր Թուրքիոյ մէջ իր ինքնութիւնը կորսնցուցած մէկ միլիոն հայ կ’ապրի:
Հ.- Գերմանիա ապրող թուրք գրագէտ Քեմալ Եալչըն իր վերջին վէպին մէջ անդրադարձած էր այս «հայերուն»: Ուրեմն «թաքնուած» հայերու պարագան պարզ առասպել մը չէ:
Պ.- Ձեր հարցումին պատասխանեմ այլ օրինակով մը:
Ուրֆացի թուրք երիտասարդ մը Պոլիս կու գայ՝ հանդիպելու իր ազգականներուն, որոնք Ուրֆայէն Պոլիս հաստատուած են: Կիրակի օր մը, երբ ազգականները այս երիտասարդին կը յայտնեն, թէ եկեղեցի պիտի երթան աղօթելու, ան կը մնայ ապշահար վիճակի մէջ: Ազգականները իրեն կը բացատրեն, որ տեղեակ ըլլալով իրենց հայկական ինքնութեան, Պոլսոյ աւելի ազատ պայմաններուն մէջ վերադարձած էին քրիստոնէական կրօնքին գիրկը: Երիտասարդը կ’անդրադառնայ, որ իր գիւղին մէջ ակամայ հայհոյած է հայութեան եւ իր մեծ հօր դաւանած կրօնքին:
Մօտս բերին զինք: Մէկ ժամ քրիստոնէութեան մասին բացատրութիւններ տուի իրեն: Սկսաւ լալ: Հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պէտք է ընէր, հիմա որ գիտէր իր իսկական ինքնութիւնն ու արմատները: Իրեն թելադրեցի, որ ընդունի իր պապերուն կրօնքը՝ քրիստոնէութիւնը: Ինծի պատասխանեց, թէ ինչպէ՞ս պիտի կատարէր այդ մէկը, երբ անդին իր եղբայրը Իզմիրի մէջ մզկիթի մը հոգեւոր պետն էր…
Հ.- Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէութեան քարոզչութեան եւ ուսուցման առնչութեամբ ներկայիս որոշ ազատութիւններ տրուած են: Կառավարութիւնը ի՞նչ ձեւով կը մօտենայ այս հարցին:
Պ.- Կառավարութիւնը կրօնքներու համար տուած է որոշ ազատութիւններ եւ հաստատած եւրոպական չափանիշներու համապատասխան կարգ մը օրէնքներ: Սակայն փաստօրէն, այդ օրէնքները գործադրող չկայ: Պարզապէս խաբկանք մըն է: Այսօր եկեղեցի կառուցելու համար տարիներէ ի վեր սպասման վիճակի մէջ ենք: Մեր դիմումներուն կը պատասխանեն, թէ եկեղեցիներու յարմար վայրեր գոյութիւն չունին: Սակայն միւս կողմէ, շրջակայ նոյն վայրերուն մէջ օրն ի բուն մզկիթներ կը բարձրանան:
Անցեալին հետ բաղդատած տարբերութիւնը այն է, որ նախապէս երբ փողոցին մէջ միսիոնար մը քրիստոնէութիւն քարոզէր՝ ոստիկանութեան կողմէ բանտ կ’առաջնորդուէր եւ բռնութեան ու ծեծի կ’ենթարկուէր, իսկ այսօր, դարձեալ բանտ կ’առաջնորդուիս եւ ազդարարութեան կ’ենթարկուիս: Պարզապէս չէզոքացուցած են բռնութեան գործելաձեւը, Եւրոպայի աչքին քաղաքակիրթ երեւելու համար:
Այսօր Գերմանիոյ մէջ 3000ի շուրջ մզկիթ գոյութիւն ունի: Եւրոպական միութեան անդամակցիլ փափաքող Թուրքիան պիտի թոյլատրէ՞, որ 3000 եկեղեցի կառուցուի Թուրքիոյ տարածքին… կը կասկածիմ:
Հ.- Քանի՞ աւետարանական եկեղեցի գոյութիւն ունի Թուրքիոյ մէջ:
Պ.- Ինչ որ պիտի թուեմ թուրք աւետարանական եկեղեցիներ են: Պոլսոյ մէջ կը գործեն 20 եկեղեցիներ, Անգարա՝ 5, Իզմիր՝ 5, Ատանա՝ 3, Տիարպեքիր՝ 1, Անթաքիա՝ 2:
Հ.- Կը լսենք, որ Թուրքիոյ մէջ, հայ նոր սերունդին մօտ բազմացած են թուրքերու կամ իսլամներու հետ ամուսնութիւնները:
Պ.- Դժբախտաբար իրականութիւն է այդ մէկը: Այստեղ ցաւով պիտի նշեմ նաեւ, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատրիարքարանը խառն ամուսնութեանց պսակադրութեան ծէսերը կ’արտօնէ հայկական եկեղեցիներէն ներս: