
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 Մայիսին, Ազգային ժողովին մէջ, կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին, անդրադառնալով Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին՝ ըսաւ, որ իբրեւ արդիւնք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին գծով հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն միջեւ ձեւակերպումներու շուրջ համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած, իսկ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը որոշած է հնչեցնել մեկնաբանութիւններ, «որոնք, իր տեսակէտով, հնարաւորինս շատ էլեմենտներ (տարրեր) կ՛արտայայտէին երկու կողմերի դիրքորոշումներից ձեւակերպումների շուրջ»։
Ան կը պատասխանէր «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեանի հարցումին՝ Միշէլի օգտագործած «Ղարաբաղի էթնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներին եւ անվտանգութեան» եզրին մասին: «Շահարկուեց նաեւ, թէ սա նշանակում է, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը դուրս է մղւում օրակարգից, թէ ԵՄն եւս չի դիտարկում Արցախի առանձին կարգավիճակի հնարաւորութիւնը, սա յետնահանջ է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի օրակարգից», նշեց Եղոյեան:
Փաշինեան յիշեցուց, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներէն առնուազն երկուքը ողջունեցին եւ աջակցեցան այդ բանակցութիւններուն, քննարկումներուն, խումբը համանախագահող երկիրը վերահաստատեց այն սկզբունքները, որոնք դրուած են Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման գործին մէջ: Վարչապետը նաեւ յիշեցուց, որ Մինսքի խումբի համանախագահող հանդիսացող Ռուսիոյ նախագահին հետ երկկողմ յայտարարութեան մէջ արձանագրուեցաւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման կարեւորութիւնը եւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ուժականութեան օգտագործումը այդ առումով:
Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Արցախի հիմնահարցին վերաբերեալ տեղի ունեցած է շատ լուրջ քննարկում, որուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դիրքորոշումներուն տարբերութիւնները, որոնք արտայայտուած են հրապարակայնօրէն։ «Ադրբեջանը համարում է, որ ԼՂի հիմնախնդիրը լուծուած է, ՀՀն համարում է, որ ԼՂ հիմնախնդիրը լուծուած չէ: Եւ խաղաղութեան բանակցութիւնների հնարաւոր համատեքստում, գիտէք, որ Ադրբեջանը ներկայացրել է իր 5 սկզբունքները, մենք էլ ներկայացրել ենք մեր դիտարկումներն ու օրակարգն այդ կապակցութեամբ եւ ասել ենք, որ այդ հենքի վրայ պէտք է տեղի ունենան բանակցութիւններ: Մեր առաջադրած սկզբունքներով արձանագրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնը, իրաւունքները եւ ԼՂ վերջնական կարգավիճակի ճշգրտումը: Եւ քանի որ քննարկումների արդիւնքում համաձայնութիւն չի ձեւակերպուել կողմերի միջեւ ձեւակերպումների շուրջ, ԵԽ նախագահը որոշել է իր կողմից անել մեկնաբանութիւններ, որոնք, իր տեսակէտով, հնարաւորինս շատ էլեմենտներ կ՛արտայայտեն երկու կողմերի դիրքորոշումներից: Թէ ինչքանով է դա ստացուել, ինչքանով է ճշգրիտ, այլ հարց է: Այլ բան, որ մենք մեր դիրքորոշումներն արտայայտել ենք, եւ այդ դիրքորոշումների մէջ, բնականաբար, որեւէ փոփոխութիւն չկայ: Եւ մենք շարունակելու ենք հետեւողականօրէն գնալ այդ ճանապարհով», ըսաւ Փաշինեան:
Ան շատ կարեւոր նկատեց Արցախի դիրքորոշումը այն հարցին նկատմամբ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգը պէ՞տք է տարանջատել Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման օրակարգէն, թէ՞ յարաբերութիւններու կարգաւորման թեման պէտք է լուծէ նաեւ Արցախի հիմնահարցը։ «Այս հարցով դիրքորոշում ձեւաւորելու համար Հայաստանում քննարկումներ են ընթանում, իսկ այս պահին բանակցութիւններ ընթանում են միայն բանակցութիւններ սկսելու ձեւաչափի, պարամետրերի (յարաչափի) մասին», նշեց ան։
Միջազգային հանրութեան մօտ այս մասին կայ շատ կարեւոր հայեցակարգային բանավէճ, որ հասաւ նաեւ Հայաստան։ «Այս հարցը ծագել է մեր արձագանգից: Ադրբեջանն ասում է` «իրար նկատմամբ տարածքային պահանջների բացակայութիւն», մենք ասում ենք, որ դա ընդունելի է, որովհետեւ մեզ համար Ղարաբաղի հարցը երբեք տարածքի խնդիր չի եղել, դա իրաւունքի խնդիր է: Եւ ԵԽ նախագահի յայտարարութեան մէջ յղում է արուած իրաւունքին` հէնց այդ կոնտեքստն ըստ ամենայնի ընդգծելու համար», ըսաւ Փաշինեան:
Ան դիտել տուաւ, որ այս մասին քննարկումներ եղած են Արցախի իշխանութիւններուն հետ՝ շեշտելով, որ ինք իր դիրքորոշումը ունի, սակայն այդ դիրքորոշումը պիտի յստականայ աւելի լայն շրջանակներու հետ քննարկումներէ ետք:
Փաշինեան ընդգծեց, որ այդ հարցին մէջ Արցախի դիրքորոշումը շատ կարեւոր եւ էական է։ «Ըստ էութեան, հիմա բանակցութիւններ ընթանում են բանակցութիւններ սկսելու ձեւաչափի պարամետրերի մասին: Այն, ինչ քննարկում ենք, հէնց դրա մասին է», յայտնեց Փաշինեան, որ աւելցուց, թէ տակաւին չի կրնար ըսել, թէ բուն բանակցութիւնները ե՛րբ տեղի պիտի ունենան։ Ըստ անոր՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնները արդէն իրարու հետ կ՛աշխատին։