ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Մայիսի առաջին կիսուն, Արցախ այցելեցին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան, IT-ի տնօրէն Ներսէս Սեմերճեան եւ վարժողական ծրագիրներու ղեկավար Ալեքս Մանուկեան, ընկերակցութեամբ Հայ Դատի Կեդրոնական յանձնախումբէն Գէորգ Ղուկասեանի։
Սեպտեմբեր 2021ին հաստատուած Արցախի Հայ Դատի յանձնախումբին գործունէութեան մօտէն ծանօթանալէ եւ ցուցմունքներ տալէ ետք, Հայ Դատի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ, քննելով Արցախի դիմակայած աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները, իսկ Արցախէն տեղահանուած մօտաւորապէս 100,000 գաղթականներուն վերաբերեալ եւ այլ հարցեր քննուեցան ընկերային զարգամցան եւ գաղթականական հարցերու նախարար Արմինէ Պետրոսեանի հետ։
Հայ Դատի ներկայացուցիչները մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի հետ քննեցին ատրպէյճանական շարունակուող ճնշումներուն ազդեցութիւնը արցախցիներուն վրայ եւ հանդիպումներ ունեցան գաղթականներու եւ ազատ արձակուած պատերազմի գերիներու հետ։
Անոնք նաեւ այցելեցին Արցախի ականազերծումը ապահովող HALO Trust-ի անդամներուն, Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնը, Համազգայինի Արցախի գրասենեակը եւ ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզը, ինչպէս նաեւ քննեցին Արցախի երիտասարդութեան քաղաքացիական գործունէութեան մղելու կարելիութիւնները։
Այցելութեան աւարտին, Երիմեան շեշտեց, որ Արցախի ապահովութեան եւ ինքնիշխանութեան երաշխաւորումը Հայ Դատի առաջնահերթութիւններէն է՝ յիշեցնելով, որ այժմ աշխատանք կը տարուի Քոնկրեսէն Արցախի կարիքներուն համար ամերիկեան յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։
Արցախ այցելութեան տեսանիւթը կարելի է դիտել https://youtu.be/6sedQMNNyZM կայքէջին վրայ։