ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողի մը մասին շուէտաբնակ Սուզան Խարտալեանի ու Փիա Հոլմքուիսթի պատրաստած «I Hate Dogs» վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին տրուած որոշումով մը արգիլուեցաւ Պոլսոյ մէջ:
Ժապաւէնը Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1ին պիտի ցուցադրուէր «1001 միջազգային վաւերագրական ժապաւէն» փառատօնին, սակայն Հինգշաբթի օր Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած էր արգիլել անոր ցուցադրութիւնը:
Բեմադրիչներն ու Շուէտի շարժապատկերի հիմնարկը այս կապակցութեամբ բողոքի նամակներ յղեցին:
«Շատ յուսախաբ ենք: Կը կարծէինք, որ նոր Թուրքիան, իր նոր յայտնաբերած արտայայտուելու ազատութիւնով, պատրաստ է քննարկելու Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը», գրած են բեմադրիչները իրենց նամակին մէջ:
Խարտալեան մօտաւորապէս 20 տարի առաջ բեմադրած է նաեւ «Back to Ararat» վաւերագրական ժապաւէնը: