ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին, հարաւային Աֆղանիստանի տեղական իշխանութիւնները բացայայտեցին, թէ վերջին քանի մը օրերուն շրջանին վրայ սաստկացած ՆԱԹՕի յարձակումներուն զոհ գացած են մօտաւորապէս 30 քաղաքայիններ:
ՆԱԹՕի աղբիւրները նախ հաղորդած էին, թէ իրենց ռմբակոծումներուն զոհ գացած են 48 աֆղաններ, որոնք «Թալեպան»ի անդամներ էին, սակայն աւելի ուշ ընդունած են, թէ զոհերուն մէկ մասը անմեղ քաղաքայիններ էին:
Նկարին մէջ, աֆղան գիւղացիներ կ’անցնին ՆԱԹՕի ռմբակոծած շրջանէն: