ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 27 Մայիսին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Մոնթենեկրոյի նախագահ Միլօ Ճուքանովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Կողմերը քննարկեցին փոխգործակցութեան շրջանակը` մեծ դեր յատկացնելով միջխորհրդարանական կապերուն: Օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ արդիւնաւէտ եւ շարունակական երկխօսութիւնը առաջնահերթութիւն նկատուեցաւ՝ շեշտելով, որ անոր մեծապէս պիտի նպաստեն խորհրդարանական բարեկամական խումբերը:
Զրուցակիցները յատկապէս ուշադրութիւն դարձուցին Եւրոպական Միութեան հետ համապարփակ համագործակցութեան, տարածաշրջանի ապահովութեան եւ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու հիմնահարցերուն:
Խօսելով յետ-պատերազմեան իրավիճակին մասին՝ Սիմոնեան կարեւոր նկատեց միջազգային գործընկերներուն գործուն աջակցութիւնը տակաւին չլուծուած մարդասիրական հարցերու հանգուցալուծման:
Ճուքանովիչ նկատել տուաւ, որ հակամարտութիւններու կարճատեւ լուծումներուն կը յաջորդեն երկարատեւ տառապանքներ, որուն հետեւանքները ծանր ազդեցութիւն կ՛ունենան երկիրներուն համար:
Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացի պատանդներու հարցը պիտի քննարկէ ոչ միայն իր երկրի, այլ նաեւ միջագային գործընկերներուն հետ: