ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Սահմանազատման եւ հաղորդակցական ուղիներու վերագործարկման շուրջ հայ-ատրպէյճանական աշխուժացած բանակցութիւններու լոյսին տակ, Իրան դարձեալ կը շեշտէ, որ տարածաշրջանային ուղիները կրնան բացուիլ՝ յարգելով երկիրներու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները:
27 Մայիսին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի նաեւ յայտնեց, որ Թեհրան կ՛աջակցի տարածաշրջանային ապաշրջափակման:
«Բարեբախտաբար, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ադրբեջանի եռակողմ մասնագիտական խմբերի հանդիպումները լաւ արդիւնքներ են տալիս: Որքանով տեղեկացուած ենք լրատուամիջոցներից, որոշ թիւրիմացութիւններ լուծւում են: Շատ կարեւոր է, որ բոլոր կողմերը յարգեն միջազգայնօրէն ճանաչուած օրէնքներն ու կանոնները, եւ բանակցութիւնները լինեն կառուցողական: Տարածաշրջանը պատրաստ է զարգանալ տարբեր ուղղութիւններով, եւ դա կարող է լինել այս երկրների արդիւնաւէտ բանակցութիւնների արդիւնքում: Բնական է, որ յարգելով միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմանները` կարելի է այս ճանապրհները բացել եւ կապ ստեղծել: Այդ ամէնը պէտք է տեղի ունենայ` յարգելով երկրների միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմանները: Իրանը կ՛աջակցի բոլոր այն հարցերին, որոնք համապատասխանում են միջազգայնօրէն ճանաչուած կանոններին եւ օրէնքներին», ըսաւ Իրանի դեսպանը։
Նշենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետեր Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուստաֆաեւի հանդիպումը նախորդող օրերուն տեղի ունեցաւ սահմանին` Երասխի ուղղութեամբ: Պաշտօնեաները կը գլխաւորէին թէ՛ սահմանազատման, թէ՛ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման յանձնաժողովները: Վերջինիս աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած է նաեւ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:
Գրիգորեանի գրասենեակէն նախորդ շաբաթ «Ազատութեան» յայտնած էին, որ կառավարութիւնը յոյս ունի, որ մօտիկ ապագային Ատրպէյճանի ու Իրանի հետ ստորագրուին երկաթուղիի վերագործարկման վերաբերող փաստաթուղթեր:
26 Մայիսին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը՝ առանց յստակ մանրամասնութիւններ տալու, յայտնեց, թէ յառաջիկային տարածաշրջանային ուղիներու վերաբացման վերաբերող յստակ փաստաթուղթ պիտի ներկայացուի:
Այլ գետնի վրայ, դեսպան Զոհուրի լրագրողներու ըսաւ, որ սկսած են Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսութիւն հիմնելու աշխատանքները.
Իրանի դեսպանին յաջորդ ուշագրաւ յայտարարութիւնը կը վերաբերէր Երեւանի ու Թեհրանի միջեւ կազի փոխանակման շուրջ յառաջիկային ակնկալուող պայմանաւորուածութեան:
«Մօտ երկու շաբաթ առաջ Երեւանում անցկացրինք հայ-իրանական միջկառավարական տնտեսական 17րդ նիստը, եւ այդ նիստի շրջանակում քննարկուած կարեւոր թեմաներից մէկը էներգետիկ ոլորտում համագործակցութիւնն է: Համագործակցութեան մի մասը վերաբերում է գազի սուոփին: Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքների նախարար Գնէլ Սանոսեանի` օրերս Իրան կատարած այցը շատ լաւ արդիւնքներ է ունեցել: Հաւանաբար, մօտ ապագայում Իրանի ու Հայաստանի միջեւ մենք կ՛ունենանք համագործակցութիւն սուոփի տեսքով», ըսաւ ան։
Դեսպանը այլ մանարամասնութիւններ չյայտնեց:
Նախորդ շաբաթ Թեհրանի մէջ ընդունելով Սանոսեանը` Իրանի նաւթի նախարար Ճաւատ Օվչի, ըստ իրանեան «Շանա» լրատուական գործակալութեան, յայտարարեց, թէ Իրան պատրաստ է կազի փոխանակման գործարքի` իր կազամուղները տրամադրել Թուրքմէնիստանէն կազ ստանալու եւ նոյն քանակի իրանեան կազ Հայաստանին փոխանցելու համար:
Թէ որքանո՛վ առարկայական են այս բանակցութիւնները, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ աւելի ուշ պատասխան պիտի տան։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հայ-իրանեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստէն ետք` շուրջ երկու շաբաթ առաջ, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Յակոբ Վարդանեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ Իրանի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է մինչեւ 2030 երկարաձգել «Կազ ելեկտրականութեան դիմաց» գործող համաձայնութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ աւելցնել ներմուծուող իրանեան բնական կազի ծաւալը` տարեկան հասցնելով մինչեւ 600 միլիոն խորանարդ մեթրի: Ներկայիս անիկա 365 միլիոն խորանարդ մեթր է:
May 28 is 104 years old, 1st independence since 600 years.
Accomplished with the will and leadership of Aram Manoukian,
after 38 years of A.R.F. and thousands of hero fedayeens death.
Also with the support of Idealist patriotic leadership. IRONICALLY
31 years ago, a certain elected “president” choose *2nd Republic*
continuation, against Georgia and Azerbaijan *FIRST* Republic. WIDE
opening door for 3 wars, because bolshevik borders ARE ALWAYS
CHANGEABLE according new Secretary of USSR wishes, REACHING
today’s CHAOTIC political situation, (when the dog can not find his
master). Armenia actually is in between “Big 2 rocks” UNABLE TO
MOVE, 60% lost territories of 1st Republic and 85% of SEVRES
APPROVED BORDERS. Actually Patriotic groups are COMMEMORATING
this glorious DAY, all others are Asking Elected government resignation,
to replace with “5th regime SIMILAR LAST 4”, even ready to accept
INCORPORATE with BOLSHEVIK EMPIRE, to PLUNDER a 2nd 31 years of
US$800 BILLION, FORGETTING MAY 28, ERASE ARMENIA FROM MAP
AS 137th INDEPENDENT COUNTRY AMONG 5000 KIND OF NATIONS
FOREVER !!!!.