ՓԱՍԱՏԻՆԱ․- 6 Մայիսին, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ քաղաքի Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, ՀՕՄի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները հանդիպում մը ունեցան Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտընի հետ, որ յայտնի է իր հայանպաստ քայլերով, որոնցմէ մէկն էր՝ Սիւնիքի ու Քալիֆորնիոյ միջեւ քոյր նահանգներու յարաբերութիւնը հաստատելու նախաձեռնութիւնը։
Հոլտըն, որուն ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնայ Փասատինան, գնահատեց հայ համայնքին իրաւանց պաշտպանութեան համար հայկական կազմակերպութիւններու տարած օրինակելի աշխատանքը։
Իր կարգին, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Տօնիկ Լ․ Տօնիկեան դրուատեց Հոլտընի հայանպաստ քայլերը եւ հայ համայնքին հետ անոր ունեցած սերտ կապերը, իսկ յանձնախումբի խորհրդական Դաւիթ Գէորգեան ներկայացուց Հոլտընի եւ հայ համայնքին միջեւ յարաբերութեան ամփոփ պատմականը։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի քարտուղար իրաւաբան Կարէն Կիրակոսեան եւ վարչութեան անդամ Սթեֆընի Խաչիկեան։