ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնը կազմած է ցանկը այն յուշարձաններուն, որոնք սեփակաշնորհման կամ վաճառքի ենթակայ չեն:
Ցանկին մէջ ընդգրկուած է 18 հազարէ աւելի յուշարձան: Այս մասին յայտնեց կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Սիմոնեան եւ նշեց, որ յիշեալ ցանկը արդէն ներկայացուած է նախարարութիւն, որ բոլոր շահագիգիռ գերատեսչութիւններու կարծիքները առնելէ յետոյ, զայն պիտի ուղարկէ կառավարութեան՝ առ ի վաւերացում:
«Իրաւաբանական փաստաթուղթն արդէն պատրաստ է, ինչը վիթխարի աշխատանքի արդիւնք էր: Կարծում եմ, որ այս ցանկի հաստատումից յետոյ կը դադարեցուի պատմամշակութային արժէքների, յատկապէս հնագիտական արժէքների սեփականաշնորհումը եւ ոչնչացումը», ըսաւ ան: