ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խումբ մը համակիրներ Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլենի Քունալաքիսի վերընտրութեան ընտրապայքարին զօրակցելու նպատակով դրամահաւաքի հանդիպում մը իրականացուցին՝ գործնականապէս նեցուկ կանգնելու համար իր հայանպաստ կեցուածքով ծանօթ փոխնահանգապետին։
«Փոխնահանգապետ Քունալաքիս հայ համայնքին նուիրեալ բարեկամ մըն է, որ նեցուկ կանգնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան ջանքերուն եւ հայանպաստ այլ նախաձեռնութիւններու», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ ան ոչ միայն գլխաւորած էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Հայաստան այցելած նահանգային քաղաքական պատուիրակութիւնը, այլ նաեւ նեցուկ կանգանած էր Թուրքիայէն նահանգային ներդրումները ետ քաշելու արշաւին։
Իր կարգին, Քունալաքիս շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատին ցուցաբերած աջակցութեան համար, որմէ ետք խորհրդակցութիւններ ունեցաւ հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ, որոնց շարքին էին՝ Քալիֆորնիա հաստատուող հայերու եւ հայ երիտասարդութեան յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու կարելիութիւններ եւ Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած սպառնալիքները՝ Անգարայի եւ Պաքուի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան պտճառով։
Ան նաեւ արտայայտուեցաւ 2012ին տեղի ունեցած՝ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած ատրպէյճանցի զինուորը Պաքուին յանձնելու Հունգարիոյ քայլին մասին, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ան այդ օրերուն Հունգարիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն էր եւ շեշտեց, թէ այդ օրէն ի վեր Հունգարիա կորսնցուցած է Ուաշինկթընի վստահելի ռազմավարական դաշնակիցը նկատուելու հանգամանքը։
Հաւաքին հիւրընկալն էր Հայ Դատի երկար տարիներու զօրակից Մայքըլ Մահտէսեան, որ բարձրաստիճան պաշտօններ վարած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մէջ, իսկ ներկայիս Լոս Անճելըս հաստատուած «Սերվիքոն Սիսթեմզ» ընկերութեան վարչութեան ատենապետն է։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խորհրդական իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Մահտեսեանին, որ առաւել քան 40 տարիներ նեցուկ կանգնած է Հայ Դատի գործունէութեան։