Տրամաբանութիւնը մեզի թոյլ կու տայ եզրակացնել, որ կոյր մը չի՛ կրնար կոյրի մը առաջնորդ ըլլալ, մանաւանդ որ Աւետարանին մէջ, Յիսուսի մտածողութեան յստակ մէկ պատկերացումով հաստատուած է այդ: «Եթէ կոյր կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան» (հմմտ Մտ. 15.14):
Հետաքրքրական է հարց տալ, թէ կոյրը կոյրին առաջնորդելու պարագային ո՞ւր կրնայ տանիլ զայն: Դարձեալ տրամաբանական ամէնէն պարզ պատասխանը պէտք է ըլլայ՝ ապահով վայր մը: Եւ ամէնէն ապահով վայրը կոյրերուն համար՝ կուրանոցն է: Սակայն, ճշմարտութիւնը այն է, որ կոյր մը ուրիշ կոյրի մը ձեռքէն բռնելով, կուրանոց չ’առաջնորդեր զայն: Այս հաստատումը կ’ընենք, յենելով այն իրողութեան, որ այսօր մեր ապրած ընկերութեան միջավայրը շատ աւելի կոյր առաջնորդներով լեցուն է, քան՝ աչքի լոյս ունեցողներով: Իսկ եթէ այնպէս ըլլար, որ կոյրը կոյրին կուրանոց առաջնորդէր, այսօր շատ քիչ թիւով կոյր առաջնորդներու պիտի հանդիպէինք:
Հետաքրքրական այլ իրողութիւն մըն է նաեւ այն, որ շատ մը կոյրեր չեն ընդունիր իրենց աչազրկութիւնը: Անոնք կրնան գիտնալ, թէ իրենք չե՛ն տեսներ, սակայն շրջապատը կը համոզեն իրենց տեսնելու կարողութեան մասին: Հանդիպած եմ կոյրերու, որոնք շփոթ ստեղծած են իրենց շրջապատին մէջ՝ իրենց աչքերու տեսողութեան շուրջ: Նոյնիսկ իրենց հարազատներուն մէջէն ոմանք այնպէս կը հաւատան, թէ մասամբ կը տեսնէ, իսկ ուրիշներ կը պնդեն թէ՝ բնա՛ւ չի տեսներ: Իսկ կոյրը ինք կ’ըսէ՝ թէ երբեմն կը տեսնէ եւ երբեմն՝ ոչ: Շփոթի այս իրավիճակը երկուստեք նպաստաւոր չէ: Նախ կոյրին համար, որ յետ այնու կը նկատուի անվստահելի անձ մը, որովհետեւ իր ծածուկ կարողութեամբ՝ այնպէս ձեւացնելով, որ չի՛ տեսներ, կրնայ լրտեսել ուրիշներու կեանքը: Նաեւ նպաստաւոր չէ իր շրջապատին մէջ գտնուողներուն համար, որովհետեւ անոնց կեանքը եւս պիտի խանգարուի, իր ներկայութիւնը միշտ հաշիւ ընելու եւ ըստ այնմ վարուելու իմաստով:
Ինքզինք աչքի լոյսով օժտուած համարող մարդիկ ալ անպակաս են: Ասոնք իրենք զիրենք «աչքը բաց» նկատողներն են, որոնք ամէնէն աւելի շուտ թակարդին մէջ կը բռնուին: Յատկապէս մեծ զարգացումի հասած մարդիկ կրնան ըլլալ ասոնց խումբին մէջ, որոնք միամիտ գիւղացիի մը կատարած ամէնէն պարզ աճպարարութենէն կը խաբուին: Կան այնպիսիներ նոյնիսկ, որոնք ուշքը կորսնցնելու չափ կը խնդան հտպիտի մը կատարած արտասովոր շարժումներուն դիմաց եւ կամ՝ չափազանց երկիւղածութեամբ կը հետեւին կեղծ բարեհամբաւի մը՝ նոյնիսկ նուաղելով անոր ոտքերուն առջեւ, անոր կիսախուփ աչքերուն ազդեցութենէն հիփնոսանալով ու խորտակուելով:
Հոգեկան կոյրերուն այնպէս կը թուի, թէ իրենք կը տեսնեն. ու ոչ միայն կը տեսնեն, այլ՝ այնքան լա՛ւ կը տեսնեն, որ կրնան ուրիշներն ալ առաջնորդել: Տարօրինակ է այս ինքնավստահութիւնը կոյրերուն մօտ, որոնք նախ եւ առաջ պէտք է սորվին վստահիլ իրենց սպիտակ ցպիկին, քան թէ՝ նախաձեռնող ըլլան ուրիշները տեղ առաջնորդելու: Ցպիկին ենթակայութիւնը առիթ պէտք չէ տայ անոր, ուրիշները առաջնորդելու վտանգաւոր առաքելութեան ձեռնարկելու:
Ամէնէն տարօրինակ երեւոյթը այն է, որ ֆիզիքապէս, մտապէս եւ հոգեպէս առողջ մարդիկ իրենց անձը կը յանձնեն կոյրին, որպէսզի առաջնորդէ զիրենք: Սա պարզապէս ողբերգութիւն է, մարդկային կատակերգութիւն, բախտի տխուր հեգնանք եւ ճակատագրի բարձրաղաղակ քրքիջ: Հոս կը սկսի ընկերութեան դժբախտութիւնը, երբ կոյրերուն կը վստահին մարդիկ իրենց անձը եւ իրենց կեանքը:
Առաջին իսկ ակնարկով մե՜ծ հակասութիւն մը կը նկատուի երկուքին միջեւ: Ինչպէ՞ս կրնայ գիտակից, ինքնավստահ անհատ մը անձնատուր ըլլալ կոյրին: Սակայն, ժամանակի ընթացքին կարելի է տեսնել, թէ ինչքա՜ն նմանութիւններ եւ նոյնիսկ նոյնութիւններ կան կոյրին եւ լաւ տեսնող «աչքը բաց»ի նկարագրային գիծերուն միջեւ: Առաջին եւ ամէնէն աչքառու թերութիւնը աչքը բացին, իր չափազանց ինքնավստահութիւնն է: Ան ինքնավստահութեամբ կուրցած մըն է արդէն:
Մարդիկ ինչ դրական երեսներ ալ փորձեն մատնանշել ինքնավստահութեան, տակաւին թերի կողմ մը կ’երեւի անոր չափազանցուած տեսակին մէջ, որ անհատը կ’առաջնորդէ բացարձակ կուրութեան, տրամաբանելու լոյսէն զրկելով զայն: Ինքնավստահ մարդը ո՛չ միայն իր տկարութիւնները չի տեսներ, այլ՝ չընդունիր իսկ զանոնք, նոյնիսկ եթէ պատահի, որ իր ուշադրութեան յանձնեն մարդիկ:
Եւ ահա կոյրը իր առաջնորդելիք անձը գտած կ’ըլլայ, յանձին չափազանց ինքնավստահ մարդուն: Անոր ձեռքէն կը բռնէ այնպէս, որ ալ չկարենայ ձգել զայն ու փախչիլ իր մօտէն: Մանկութեանս ինծի պատմուած բարոյալից պատմուածքներէն տարտամօրէն կը յիշեմ խաբեբայ կոյրին պատմութիւնը, որ անշարժօրէն շուրջի ձայներուն հետեւելով, կը զգայ իրեն մօտեցողները եւ յանկարծ շարժելով ձեռք կ’անցընէ մօտը գտնուողները եւ իր ձեռնափայտով կը հարուածէ անոնց:
Ինքնավստահութեամբ կուրացած «կոյր» մը առաջնորդելու կոչուած խաբեբայ կոյրը, որ իր «աչազուրկ» վիճակով լաւապէս քննարկումի ենթարկած կ’ըլլայ իր զոհը, գիտէ՛ ճշգրիտ ժամանակը անոր մօտենալուն եւ զայն դէպի անդունդ առաջնորդելուն:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ, դպիրներուն եւ օրէնքի ուսուցիչներուն համար ըսուածը այն է, որ պէտք է թողուլ զանոնք, որպէսզի զիրար առաջնորդեն իբրեւ կոյրեր, մինչեւ որ բոլորը միասին փոսը իյնան: Անյոյս պարագայ մը կը նկատէ Յիսուս անոնց մէջ, ետդարձի ամէն կամուրջ այրած համարելով: Ոմանք կը խղճան կոյր առաջնորդներու զոհերուն աչքը բաց կուրութեան եւ յատուկ ջանք կը թափեն զանոնք սթափեցնելու, անոնց աչքերը բանալու, հոգին ցնցելու եւ ցոյց տալու այն խորունկ փոսը, վիհը, խորխորատը, որուն մէջ պիտի իյնան ստուգապէս, ուշ կամ կանուխ: Սակայն անոնք անդրդուելի կը մնան, իրենց ձեռքը դրած կոյր առաջնորդին պինդ ափին մէջ, մանկական կառչածութեամբ փարելով անոր գարշահոտ մարմնին:
Կոյրը կոյրին ո՞ւր կ’առաջնորդէ արդեօք: Իւրաքանչիւր անձ այս հարցումը ինք իրեն հարցնելէ ետք, եթէ դրական պատասխան մը գտնէ, թող հետեւի կոյրին: Եթէ ապահով ճամբորդութիւն կը նկատես կոյրին առաջնորդութեամբ ընթացող ճամբան, շարունակէ գնացքդ եւ հասած տեղէդ լուր տուր մեզի, որպէսզի մենք ալ քու օրինակիդ հետեւինք, կոյր առաջնորդ մը ընտրելով մեր կեանքին համար…: