ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Ականատեսներու վկայութեամբ՝ Լիբանանի հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ գտնուող Ժտէյտըթ Եապուս անցքին վրայ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին պատահած է միջադէպ մը՝ սուրիացի պահակներու եւ Լիբանան մուտք գործել փորձող ինքնաշարժի մը վարորդին միջեւ:
Սահմանապահները կրցած են ինքնաշարժը կասեցնել, սակայն անոր վարորդը ատրճանակով մը կրակ բացած է պահակներուն վրայ եւ ապա իր գօտիին վրայ զետեղուած ականները պայթեցուցած է, տեղնուտեղը սպաննուելով:
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը կը յայտնէ, թէ ենթական «Թաուհիտ ուա ճիհատ» իսլամ արմատական կազմակերպութեան զինուորական պատասխանատու Օմար Համրան էր, որ ինքզինք պայթեցնելով նաեւ երկու սուրիացի զինուորներ վիրաւորած է։
Միջադէպը տեղի ունեցած է տեղական ժամով յետմիջօրէի ժամը 1:45ին եւ ականատեսներու համաձայն սահմանագիծը քանի մը ժամ ետք վերաբացուած է ու երթեւեկը՝ բնականոնացած:
Սուրիոյ իշխանութիւնները ապօրինի կը համարեն «Թաուհիտ ուա ճիհատ» կազմակերպութիւնը:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ ենթական կեղծ փաստաթուղթերով կը փորձէր սահմանը կտրել եւ անոր վրայէն գտնուած են ինը կեղծ անցագրեր: