ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, Էյ. Փի.- Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Նիքլըս Պըրնզ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը երբեք չէ հերքած 1.5 միլիոն հայերու բնաջնջումը։
Ըստ երեւոյթին, Պըրնզ նամակ մը յղած է քոնկրէսականի մը, փորձելով «բացատրել», թէ ինչո՞ւ Պուշի վարչակազմը չէ ճանչցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Էյ. Փի. լրատու գործակալութիւնը չհաղորդեց, թէ նամակը ո՞ր քոնկրէսականի գրասենակէն յղուած է իրեն, որովհետեւ վարչակազմը չէր ուզած անոր հրապարակուիլը:
Նամակին մէջ, Պըրնզ կ’ըսէ. «Հակառակ որոշ պնդումներու՝ ո՛չ դեսպանի պաշտօնին առաջադրուած Հոկլընտ, ո՛չ ալ վարչակազմը երբեւէ նսեմացուցած կամ հերքած են այն փաստը, որ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն 1.5 միլիոն հայ բնաջնջուած է եւ բռնի տեղահանուած»։
Պըրնզ կը շարունակէ ըսելով, որ «ամբողջ դիւանագիտական ծառայութեան համար ամօթ կ՚ըլլայ, եթէ դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրուած Հոկլընտ, որ փորձառու դիւանագէտի կենսագրութիւն ունի, չնշանակուի՝ դեսպան Էւընզի հետ կապուած տարակարծութիւններուն պատճառով»: