ՄՈՒՏՔ
«Երազային Հալէպ»… յամի տեառն 1953։ Ինը տարեկան մանուկ մըն էի, երբ հայրս՝ աղընցի Վազգէն Տիգրան Խանճեան, իր ծննդավայրէն պարտադրաբար հեռանալէ միայն 25 տարիներ ետք եւ մօտաւորապէս 40 տարեկան հասակին Աղըն եւ Արաբկիր կ’այցելէր։ Հօրս կ’ընկերանային արաբկիրցի որբեւայրի քեռկինս՝ Նոյեմզար Տիրատուրեանը եւ քեռորդիս՝ 11 տարեկան Արմենակ Տիրատուրեանը, հետագային Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հալէպի «Լազար Նաճարեան» երկրորդական վարժարանի տնօրէն։ Այդ օրերու բարի յիշատակներէն մտքիս մէջ դրոշմուածը վերադարձին հօրս բերած հայրենական «աւար»ն էր։ Ճամբորդած ըլլալով երկաթուղագիծով, կարծես աւելի հեշտ եղած ըլլար իր հետ բերել իմ պատկերացումովս, Հալէպի Կայարան թաղամասի հայ բնակիչները բաւարարող պարկերով եւ սնտուկներով չիր, պաստեղ, չսպիացող կարօտ, ռոճիկ, չամիչ, անմար հայրենասիրութիւն, չոր թութ, սուճուխ եւ այլ հայրենական արտադրութիւններ։ Չեմ մոռցած նաեւ այդ տարիներուն Արաբկիրի եւ Հալէպի միջեւ փոխանակուած պատի օրացոյցները, երբ հայրս հաւատարմօրէն ամէն տարի, Արաբկիրի հայրենակցական միութեան հրատարակած պատի օրացոյցը կ’ուղարկէր թուրք բարեկամի մը, որմէ կը ստանար զանազան տեղեկութիւններով հարուստ թրքական պատի օրացոյց մը, որ կու գար հանդիսանալու իմ առաջին կապս թրքերէն լեզուին հետ։
Չեմ յիշեր ինչ նկատառումներով հայրս զիս չէր տարած հետը։ Գուցէ չէր ուզած իր ուշադրութիւնը ստիպողաբար կեդրոնացնել մանուկի մը վրայ, երբ իր անդրանիկ այցելութիւնը կու տար հօրենական տան եւ ծննդավայրին, ուրկից հարկադրաբար հեռացած էր 1928ին, պատանի հասակին։ Արդարեւ, տարագրութեան կարաւաններէն հրաշքով փրկուած մանուկ հայրս, քանի մը տարի մեծ Զաւէն հօրեղբայրս եւ թրքական եաթաղանի պատճառով այրիացած մեծ մայրս, ծագցի Լուսաբեր Տէր Մարտիրոսեան-Խանճեանը, բախտաւորութիւնը ունեցած էին վերադառնալ Արաբկիրէն 25 քիլոմեթր արեւելք գտնուող Աղըն գիւղը, ուր իրենց հօրենական գրաւուած տունէն հեռու դժուարին պայմաններու մէջ ապրած էին մինչեւ 1928 թուականը։ Հայրս այժմ, իր պատանեկան հարուստ յուշերով, սրտի տակ պահած ճարճատող կարօտի հուրով եւ վերածնած ու վերընձիւղուած ընտանեկան յարկի հպարտութեամբ առիթը ստեղծած էր ու ծրագրած այս այցելութիւնը։
Ես աւելորդ էի։
Տարիներ շարունակ սրտիս մէջ մեղմ մեղադրանք մը պահած էի հօրս հանդէպ այդ առիթը ինձմէ զլացած ըլլալուն համար։ Աւելի ուշ սակայն, երբ արդէն որպէս գիտակից չափահաս քաջատեղեակ էի ցեղասպանութեան ահաւոր ծալքերուն, կտրուկ կերպով մերժեցի ոտք կոխել ցեղիս բնաջնջման եւ բռնի տեղահանման ոճիրը յղացող երկրի մը հողին վրայ։ Եւ հակառակ 90ական թուականներու սկիզբները ընծայուող առիթներուն, երբ եղբայրս՝ Տիգրանը, եւ քոյրերս՝ Անահիտն ու Լորան, ծրագրեցին եւ կատարեցին պապենական արմատները տանող այդ շրջապտոյտը, ես նախընտրած էի մօտէն կապ պահել վերանկախացած հայրենիքիս հետ, ուրկէ կը ստանայի հայրենասիրութիւնս շոյող եւ կարօտս մորմոքող կենսատու սնունդը։
ՁԻՒՆԱՀԱԼԻ ՆՇԱՆՆԵՐ
Խորհրդային Միութեան անկումը 1990ին եւ անոր յաջորդող 10ը տարիները 21րդ դարու այգաբացին ծնունդ տուին գերհզօր եւ անմրցակից երկրի մը՝ Միացեալ Նահանգներու։ Գիտակից համաշխարհային այս նոր իրավիճակին, արդէն 90ական թուականներուն իսկ ազգեր ու երկիրներ իրենց ապագան ապահովող նոր իրադրութիւններու եւ նոր դաշնակիցներու փնտռտուքին մէջ թափ առած էին։ Թուրքիան ալ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, հակահամայնավար Արեւմուտքին սահմանային խարիսխ մը եղած ըլլալու եզակի իր առանձնաշնորհումը կորսնցուցած ըլլալով, Եւրոպական միութեան մէջ կը գտնէր իր նորագծուած ապագան։ Վիճակ մը, որ տակաւ առ տակաւ տեղի կու տար յարաբերաբար աւելի ազատ ու անկաշկանդ մթնոլորտի մը, որու մէջ կը ծլէր եւ կը ծաղկէր ազատախոհ, համարձակ եւ խիզախ մտաւորականներու հոյլ մը։ Եւ ահա 1915էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հայ անհատը կը գտնուէր դէմ յանդիման պատմաբան Թանէր Աքչամներու, կրթական գործիչ Քէմալ Եալչըններու, գրագէտ-մտաւորական Օրհան Փամուքներու եւ այլ ստուար թուրք մտաւորականներու խմբակի մը, որոնք հրապարակաւ կ’ընդունէին իրենց նախնիներու մեղսակցութիւնը Օսմանեան կայսրութեան վերջին տասնամեակին Երիտթուրքերու կողմէ կանխամտածուած հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան։ 1970ական թուականներու հայ ահաբեկչական բազուկի բարձրացուցած առաջին պոռթկումներէն ետք թուրք անհատը այս անգամ իր ժողովուրդի գիրկէն ծնած նորանոր գրիչներու կողմէ կը լսէր այն, ինչ որ Գուրգէն Եանիկեանի եւ այլ մարտիկներու փամփուշտները արձագանգեցին քանի մը տասնամեակներ առաջ։ Թուրք պետութիւնը սակայն կը շարունակէր իր ուրացման անխախտ քաղաքականութիւնը։
Ու եկաւ Իրաքի գրաւումը, որպէս արդիւնք սիոնիստ եւ սիոնամիտ ամերիկացիներու դաւադրութեամբ մը նախագծուած եւ յետ Սեպտեմբեր 11ի ամերիկեան ապիկար առաջնորդներուն ծախուած նախայարձակ պատերազմին ու յարձակումին: Գրաւուեցաւ երկիր մը, բայց շուտով փաստուեցաւ, թէ անմեղ էր այն բոլոր ամբաստանութիւններուն առնչութեամբ, որոնք պատրուակ ծառայեցին աւերիչ, քանդիչ եւ ողբերգական արեւմտեան այս արկածախնդրութեան։ Ամերիկեան զէնքի ճարտարապետութեան ոլորտին մէջ գտնուող եւ պատերազմական ռազմամեքենային մատակարարման ծառայող անմարդկային գործարարներու փաղանգը խրախճանքի մէջ էր։ Հակառակ Սեպտեմբեր 11ի ահաւոր ոճիրին արդիւնքը եղող պատերազմին ի նպաստ ամերիկացի ժողովուրդի դրական տրամադրութեան մթնոլորտին, փոքրաթիւ ամերիկացիներու հոյլ մը միայն ընդդիմութեան դրօշակը պարզած էր։
Եւ ես, ընկերակցութեամբ աղջկանս՝ Վանային, յատուկ այս նպատակաւ, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ մասնակցեցայ պատերազմը կանխել պահանջող Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ծրագրուած առաջին մեծ ցոյցին, պատերազմէն 6 ամիսներ առաջ, Հոկտեմբեր 2002ին։ Հարցախոյզերու հրատարակած արդիւնքները միւս կողմէ ցոյց կու տային, թէ թուրք ժողովուրդի 90 առ 100ը հակառակ էր ամերիկեան անօրէն, անարդար, անտեղի եւ անմարդկային այս պատերազմին։ Առաջին անգամ ըլլալով հասարակ յայտարար մը գտած էի թուրքին հետ։ Եւ ուրեմն պատրաստ էի նոյնիսկ թրքական դրօշին տակ իսկ գտնուող իմ պապենական հայրենիքս այցելելու։ Ուխտագնացութեան ծրագիրը յղացուած էր։
ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Արեւմտեան Հայաստանի նման վայր մը շրջագայելու ծրագիր մը կարելի չէ առանձինն կատարել։ Վայրերու, անուններու, ուղիներու, անձերու եւ իշխանութիւններու գիտութիւնն ու ծանօթութիւնը փորձառութեան հարց է։ Այդ բոլորը չկան թրքական զբօսաշրջական հրատարակութիւններու մէջ։ Իսկ եթէ ենթադրենք, թէ ամէն գիւղ ու քաղաք այսօր ունի իր պատանի «ուղեցոյց»ները, որոնք այսօրուան ուխտաւորը կրնան առաջնորդել շրջանի «էրմէնի քիլիսէ»ն, այդ արդիւնքն է մօտ 20 տարիներու վրայ երկարած քառասնեակ մը պատմական, գիտախուզական շրջապտոյտներու, առաջնորդուած փորձառու, տեղական լեզուին եւ բարքերուն ծանօթ, հայոց արդի պատմութեան մէջ հմտացած առաջնորդի մը։ Երբեք տարակուսած չէի, թէ որու հետ կ’ուզենք կատարել այս շրջապտոյտը։ Արմէն Արոյեանն էր այդ։ 1988էն ի վեր մասնագիտացած հայ ուխտաւորներու պատմական ու պապենական հայրենիքի առաջնորդութեան մէջ։ Լռելեայն համաձայնութիւն մը ունէի Արմէնին հետ այս առնչութեամբ։ Երբն էր հարցականը։ Տարիներու ընթացքին շարունակական մերժումներս չէին յուսալքած զինք։ Գիտէր, թէ օր մը պիտի էրթանք մըր էրգիր։
Ու որոշեցինք էրթալ։
Հայաստանի անկախութեան 15ամեակի, Հայաստան-Սփիւռք երրորդ համաժողովի եւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ 160ամեակի երրեակ առիթներով, 2006ի Սեպտեմբեր ամսուն Երեւանի մէջ կայանալիք հանդիպումները յստակացուցած էին մեր օրակարգը։ Սեպտեմբերին՝ հայրենիք եւ ապա՝ Պոլիս։
Աշխատանքը կը սկսի երեք ճակատներու վրայ.
Ա.- Խումբի կազմութիւն
Բ.- Ուղեգիծի որոշում
Գ.- Աշխարհա-պատմագրական զրահաւորում։
Կինս՝ Սօնան, անընդհատ հեռախօսի վրայ է խրախուսելով, խանդավառելով եւ հրաւիրելով փափաքող ընկերակիցները։ Ամերիկայի տարածքէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Հարաւային Ամերիկա հեռախօսազանգերը դադար չեն առներ։ Միւս կողմէ, աշխատանքային նիստերը կը յաջորդեն իրարու Պատմական Հայաստանի եւ արդի Թուրքիոյ քաղաքական քարտէսներու շուրջ, որոշելու համար մեր ուղեգիծը։ Ասոնց առընթեր մեր ամէնօրեայ պրպտումները եւ ընթերցումները մեզ կը դնեն համապատասխան եւ պատշաճ բարձր տրամադրութեան մը մէջ։ Ու Սօնան եւ ես կը սուզուինք մեր գրականութեան եւ պատմութեան ծոցը։ Ես կը լափեմ տոքթ. Յ. Տէր Ղազարեանի «Հայկական Կիլիկիա»ն, Սարգիս Բախտիկեանի «Ոսկեգետակ»ը՝ նուիրուած Արաբկիրի եւ գիւղերու ու Չմշկածագի, Խարբերդի եւ Մալաթիոյ պատմութեան եւ ազգագրութեան, Պետրոս Զոպեանի «Դէպի Պիթլիս Ուիլեըմ Սարոյեանի հետ» ճանապարհորդութեան յուշերը, Վահագն Դաւթեանի «Բայց ծնուեցի»ն եւ «Ռեքվիէմ»ը՝ նուիրուած Եղեռնի յիսնամեակին, Տէր Զօրին եւ ծննդավայր Արաբկիրին, Յովհաննէս Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ»ը։ Կը զրահաւորուիմ «Առագաստ»ի մէջ լոյս տեսած Գրիգոր Չանիկեանի «Չարենցի Կարսն ու կարսեցի Չարենցը» յօդուածով, Արաբկիրի եւ Խարբերդի, Այնթապի եւ Զէյթունի հին ու շէն բաղդատական նկարներով։ Քաղուածքի կ’ենթարկեմ վերջերս ընթերցած Երուխանն ու Զօհրապը, թարմացնելու համար ծանօթացումս հայկական Պոլիսին։ Իսկ Սօնան կուլ կու տայ Արամ Շորվօղլեանի Զէյթունի նուիրուած «Արամ պէյ Չոլաքեան»ը, Խաչիկ Դաշտենցի «Խոդեդան»ը եւ «Ռանչպարների կանչը»՝ նուիրուած պապենական Սասունին եւ մեր ազատագրական շարժման հերոսներուն, եւ վերջապէս ուրֆացի Պետրոս Տէր Պետրոսեանի «Յուշերն ու ինքնակենսագրական»ը։
Մեր հագուստէն ու կապուստէն աւելի կարեւորը մեր գիտելիքն էր։ Եւ թէեւ ոչ պատմագէտ եւ ոչ մասնագէտ ենք, հանգիստ կը զգանք մեր մտքերուն մէջ ամբարածով եւ այն ծանր թղթածրարով, ուր կ’ամփոփուէր մեր ընթերցումներէն նմուշներ որպէս ուղեցոյց կամ ներշնչող ընթերցում։
Ուխտագնացութիւնը սկսած էր արդէն։ Եւ իրօք ուխտագնացութիւն էր անունը այս շրջապտոյտին։ Շուտով ուխտաւորներու կազմը ամբողջացաւ, ուխտագնացութեան ուղեգիծը պատրաստուեցաւ։ Պատրաստ էինք։
ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿ
Մեծ չէր ուխտագնացներու խումբը։ Եւ այդ էր հաճելին ու գործնականը։
Որպէսզի ընթերցողը ծանօթանայ աւելի ետքը յիշատակուած ուխտաւորներուն, ահաւասիկ խումբի լման կազմը։
Արմէն Արոյեան – Փասատինա, Քալիֆորնիա, առաջնորդ
Տաթեւ Արք. Ղարիպեան – Առաջնորդ Հայոց Պրազիլի, Սան Փաուլօ
Անի Ռիթա Կէօկճեան – Սան Փաուլօ, Պրազիլ
Գէորգ եւ Վարդանոյշ Կէոկճեան – Սան Փաուլօ, Պրազիլ
Լուտեր եւ Այտա Կէյիքեան – Հոլմտել, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ
Անի Շորվօղլեան – Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ
Զաւէն եւ Սօնա Խանճեան – Կլէնտեյլ, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ
(Շարունակելի)