ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան ուժերը Կիրակի, Հոկտեմբեր 1ին աւարտեցին Լիբանանէն իրենց նահանջը, սակայն կը շարունակեն Ղաժար գիւղաքաղաքը իրենց հակակշիռի տակ պահել։
Իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ Տան Հալուց յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը հեռացած են Լիբանանէն, աւելցնելով, որ զօրամաս մը պիտի պահէ իր ներկայութիւնը Ղաժար գիւղաքաղաքին մօտ։
Լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան զինուորական մը յայտնած է, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Ալէն Փելլեկրինի հանդիպումներ պիտի ունենայ իսրայէլացի եւ լիբանանցի զինուորական պաշտօնատարներու հետ, սահմանային շրջաններուն վրայ՝ հաստատելու համար իսրայէլեան ուժերու հեռացման պարագան։
Զօր. Փելլեկրինի ողջունեց եւ դրուատեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ հարաւային Լիբանանէն հեռացումը, այլ խօսքով՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը։
Նշենք, որ սպանական ուժերը իրենց շրջուն ջոկատներուն ներկայութիւնը աշխուժացուցին Մերժաայունի մէջ՝ հսկելով շրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան։
Երկուշաբթի օր, իսրայէլեան ուժերուն դատարկած տարածքներուն վրայ սկսան տարածուիլ լիբանանեան բանակի զինուորները: