ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, Karabakhopen.com.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեանի կարծիքով, միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան ուղղակի շփումները Ղարաբաղի հետ ողջունելի են:
«Չեմ կարծում, որ այդ համագործակցութիւնը միայն քաղաքական ոլորտում է լինելու: Ցանկացած ոլորտում էլ հնարաւոր է համատեղ աշխատանքը» ըսաւ Ա. Մոսիյեան, մեկնաբանելով հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիի յայտարարութիւնը:
Ըստ իրեն, Ղարաբաղի հետ աշխատելու միջազգային կառոյցներու պատրաստակամութիւնը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ իրենց իսկ կողմէ յայտարարուած 2006ի բանակցութիւններու պատուհանը փակուած է եւ չէ օգտագործուած, ինչպէս նաեւ այն հանգամանքով, որ 2007-2008ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, հետեւաբար, բանակցող կողմերը աշխոյժ բանակցութիւններ պիտի չվարեն: «Այդ իսկ պատճառով նրանք որոշել են աշխատել այստեղ», ըսաւ Ա. Մոսիյեան: