ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար 25ին Սթրազպուրկի մէջ ԵԽԽՎ Լեռնային Ղարաբաղի հարցերով ժամանակաւոր յանձնաժողովի ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններու հանդիպումը:
Յանձնաժողովի նախագահ լորտ Ռասըլ Ճոնսթըն ներկայացուց յանձնաժողովի հետագայ աշխատանքները: Կողմերը համաձայնեցան քանի մը խնդիրներու շուրջ. առաջին՝ յանձնաժողովը պէտք է 2007ի առաջին կէսին այցելէ տարածաշրջան՝ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Լեռնային Ղարաբաղ, հանդիպումներու համար, երկրորդ՝ ամէն ինչ պէտք է ընել 1416րդ բանաձեւը իրականացնելու համար, երրորդ՝ ամէն ինչ պէտք է ընել ատելութիւն հրահրող եւ ռազմատենչ յայտարարութիւնները դադրեցնելու համար, չորրորդ՝ պէտք է շարունակել հանդիպումները ի շահ յարաբերութիւններու հետագայ բարելաւումին:
ԱԺ նախագահ, ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Տիգրան Թորոսեանի գնահատումով, նման հանդիպումներու իրական արդիւնքներու մասին կարելի է խօսիլ միայն այն պարագային, երբ յաջորդ անգամ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին ելոյթներու ընթացքին չըլլան յերիւրանքներ, ատելութեան խօսքեր, կեղծիքի տարածում. այդ ժամանակ կարելի է ըսել, որ նման հանդիպումները օգտակար են: Հակառակ պարագային, որեւէ օգուտ դժուար է ակնկալել, որովհետեւ նման հանդիպումները ոչ թէ կը նպաստեն խնդրի լուծումին, այլ կրնան նպաստել մթնոլորտի բարելաւումին, յարաբերութիւններու քիչ թէ շատ կարգաւորումին: