ԱՐՊԻԼ, «Քունա».- Ուրբաթ, Յունուար 26ին, հիւսիսային Իրաքի քրտական խորհրդարանը վաւերացուց բանաձեւ մը, ուր կոչ կ’ըլլայ Թուրքիոյ իշխանութեանց չմիջամտելու հիւսիսային Իրաքի ներքին հարցերուն: Խորհրդարանը նաեւ կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական միութեան, որ այս նպատակով ճնշում բանեցնեն Թուրքիոյ վրայ:
Քիւրտ երեսփոխաններ շեշտեցին, թէ Թուրքիա սահմանային հարցերուն շուրջ պէտք է բանակցութիւններ կատարէ հիւսիսային Իրաքի քրտական իշխանութեան հետ, յարգելով միջազգային օրէնքները:
«Խորհրդարանը կը մերժէ թրքական որեւէ ձեւի միջամտութիւն Իրաքի եւ նահանգի (հիւսիսային Իրաք) հարցերուն», նշուած է բանաձեւին մէջ, որ կ’աւելցնէ, թէ նման միջամտութիւններ չեն նպաստեր բարիդրացիական յարաբերութեանց:
Թուրքիա կը պնդէ, թէ Իրաքի եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները բաւարար քայլերու չեն դիմեր զսպելու համար հիւսիսային Իրաքէն Թուրքիոյ դէմ յարձակումներ գործող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան գործունէութիւնը: